ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ «ՅԵՏՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտին վերաբերեալ կարծես թէ որոշ յստակութիւն կայ։ Սակայն ո՞վ պիտի իրականացնէ այդ ընտրութիւնները. իշխանական եւ ընդդիմադիր ուժերը իրարմէ կը կասկածին կեղծելու մտադրութեան մէջ։ Անոնք լուրջ հիմքեր ունին այս բանին համար։

Կը խօսուի նաեւ ընտրական օրէնսգիրքի անկատարութեան մասին եւ այդ խօսակցութիւնները նոյնպէս իմաստ ունին։ Թէ նախարարութիւնները, մարզպետարանները, բոլոր իրաւապահներն ու ուժայինները, ինչպէս նաեւ իշխանամերձ սակաւատէրերը յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի աշխատին Փաշինեանի եւ անոր «ցուցակի» օգտին, այս ուղղութեամբ ես որեւէ կասկած չունիմ։ Այդ բոլոր կառոյցները այս երեք տարուան ընթացքին արդէն հասցուցած են ինքզինքնին դրսեւորել այդ ճիշդ նոյն ձեւով, ինչպէս կը դրսեւորէին նախորդ երեսուն տարիներու ընթացքին։ Միւս կողմէ, կ՚ենթադրեմ, որ ընտրութիւնները կեղծելու «նախայեղափոխական» մեթոտները՝ ընտրատեղամասերէն ներս անկարգապահութիւն ստեղծելը, լցոնելը, թիւեր նկարելը եւ նոյնիսկ ընտրակաշառքը լայնօրէն պիտի չկիրարկուին։

Բայց եկէք մտածենք աւելի խորքային խնդրի մասին. 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակին տեղեկատուական հոսքերու այսօրուայ առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով, արդեօք ընտրութիւնները իշխանութիւն ձեւաւորելու նոյնքա՞ն արդիւնաւէտ միջոց են՝ որքան, ըսենք, 30-35 տարի առաջ։

Մօտաւորապէս 5-6 տարի առաջ Արեւմուտքի մէջ լայն տարածում գտած է post-truth («յետճշմարտութիւն») հասկացութիւնը։ Սա իրավիճակ մըն է, երբ մարդոց ներքին համոզումները, անոնց զգացումները աւելի կարեւոր են, քան փաստերը։ Այս երեւոյթին յատկապէս կը նպաստէ այն հանգամանքը, որ ժամանակակից մարդիկ տեղեկատուական «ճնշման» տակ են օրը 24 ժամ։ Առաջուան պէս չէ՝ թերթը կարդացիր, գացիր գործի, եկար տուն, կէս ժամ լուրերը նայեցար եւ անցար հանգիստի զանազան ձեւերու։

Այսօր կայքերն ու ընկերային ցանցերը մեզ «կը հետապնդեն» միշտ եւ ամէնուր։ Այս պայմաններուն ներքեւ իսկապէս այն վիճակն է, երբ «սուտը կը հասցնէ անցնիլ աշխարհի կէսը, երբ ճշմարտութիւնը տակաւին նոր կը հագուի իր տաբատը» (ասոյթը կը վերագրեն զանազան մարդոց, Մարք Թուէյնէն մինչեւ Ուինստըն Չըրչիլ)։ Այսօր գիտականօրէն ապացուցուած է, որ «ֆէյք» լուրը ընկերային ցանցերու վրայ կը շրջանառուի վեց անգամ աւելի արագ՝ քան ճիշդ տեղեկութիւնը։

Օրինակները ամէն քայլափոխին են։ BREXIT-ի քարոզիչները բրիտանացիներու մեծ մասը համոզած էին, թէ ԵՄ-ի մէջ մնալը իրենց երկրին վրայ կը նստի շաբաթական 350 միլիոն ֆունտ։ (Համեմատեցէք՝ 1988-ին Ազատութեան հրապարակի հարթակէն բազմիցս հնչած էր, որ «Նաիրիտ»ը աշխատցնելով մենք կը հարստացնենք Մոսկուան։) Մասնագէտները եւ պատասխանատուները պարբերաբար կը հրապարակէին փաստաթուղթեր, ըստ որոնց այդ «350 միլիոնը» յօրինուած է եւ իրական թիւը առնուազն տասն անգամ փոքր է բրիտանացի «Պօղոսները» (կամ գուցէ տուեալ պարագային՝ «Փոլերը») կը հրաժարէին մասնագէտներուն հաւատալէ։ Տանըլտ Թրամփը «յետճշմարտութիւն» տարածելու անգերազանցելի վարպետ է։ Ան կը պնդէր, որ Պարաք Օպամա ԱՄՆ-ի մէջ չէ ծնած եւ մահմետական է, որ քորոնաժահրը կը բուժուի անդրմանիշակագոյն ժառագայթներով, որ կլոպալ տաքացումը հնարած են չինացիները՝ ամերիկեան արդիւնաբերութիւնը «վարի տալու» համար։ Իսկ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը երկար ժամանակ զինքը կը համարէր երկրի ամենաճշմարտախօս քաղաքական գործիչը։

Այսքանէն յետոյ եկէք անգամ մը եւս մտածենք, ի՞նչ կը նշանակէ մեր ժամանակներուն «կեղծել ընտրութիւնները», երբ հասարակական կարծիքը արդէն իսկ կեղծուած է։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021