ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԲԱՅՑ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ

Հայաստանի քաղաքական տագնապը արդէն նոր հարթութեան վրայ է։ Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ յունիսի 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան երկրի մէջ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններով ամիսներ շարունակ քայքայիչ քաոսի մը հանդուրժելէ վերջ Հայաստանի այժմու իշխանութիւնը որոշեց երթալ արտահերթ ընտրութեան։ Սա այժմու պայմաններով թէեւ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է, սակայն կը զուգորդուի անանտեսելիօրէն վիճայարոյց զանազան հանգամանքներով։ Իշխանութիւններու եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան միջեւ գոյացած փոխըմբռնումով երկիրը պիտի առաջնորդուի ընտրութեան։ Հայոց պետականութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիքներու փակուղիին մէջ առնուած այս որոշումը էապէս պիտի պայմանաւորէ երկրի ապագան։ Յամենայնդէպս, Երեւանէն հասած արձագանգները չեն առթեր բաւարար հաւատ եւ համոզիչ երաշխիքներ, թէ այս ընտրութիւնները այժմու պայմաններով կրնան գետին պատրաստել Հայաստանի տեսակէտէ նոր սկիզբի մը։

Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի հետ։ Այդ տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ վարչապետը ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը ու պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ 20 յունիսին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Ըստ Փաշինեանի, Ծառուկեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին արձանագրուած է, որ ստեղծուած ներքին քաղաքական իրադրութենէն լաւագոյն ելքը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնն է։ Գրառման մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ իր ծաւալած քննարկումներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի, խորհրդարանի մեծամասնութեան «Իմ քայլը» խմբակցութեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Գագիկ Ծառուկեան քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ եւ անկէ վերջ տեղի ունենան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները։ Այդ հակասութիւնը Ծառուկեանի առկայ ընթացքին տեսակէտէ չի վրիպիր հանրային կարծիքի ուշադրութենէն։

Խորհրդարանական ընդդիմութենէն Էտմոն Մարուքեանն ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը քննադատուէր՝ հակառակ ընդդիմադիրի տեսքի, խորքին մէջ Փաշինեանի նախընտրութիւններուն ծառայելով։ Այժմ, երբ այդ քննադատութիւնները որոշ չափով կ՚արդարանան, ան երէկուընէ ի վեր ըրած յայտարարութիւններուն մէջ կը հակադարձէ խիստ ոճով ու կը պաշտպանէ առնուած որոշումը։

Հայաստանի արմատական ընդդիմութիւնը ամիսներէ ի վեր կը պնդէ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կազմակերպուին՝ առանց այժմու իշխանութիւններու։ Քաղաքական ամէն մօտեցում, բնականաբար, քննադատելի երեսակներ կրնայ ունենալ կամ հաւանական անպատեհութիւններ կրնայ ներկայացնել։ Յամենայնդէպս, երբ խօսքը ընտրութեան մը կը վերաբերի, ապա անխուսափելիօրէն առաջնահերթ կը դառնայ անոր արդարութեան երաշխաւորումը։ Հայաստանի այս օրուայ իշխանութիւնը պետութիւնը այնպիսի վիճակի մը հասցուցած է, որ ի վիճակի չէ որեւէ բան երաշխաւորել երկրին տեսակէտէ, ուր մնաց ընտրութիւններու արդարութիւնը։

Միւս կողմէ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ հրապարակուած որոշման լոյսին տակ յայտարարեց. «Պէտք է ամէն գնով կանխել այս իշխանութեան օրօք արտահերթ ընտրութիւններու կատարուիլը։ Իսկ եթէ, այնուամենայնիւ, այդ քայլին երթան, ապա պէտք է զանոնք հեռացնել մինչեւ նախընտրական գործընթացի սկիզբը»։

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021