Ի՞ՆՉ ՓՆՏՌԵԼ...
Համաշխարհայնացման ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ հիմնական է համահարթեցումը։ Չափանիշներու նոյնականացում կը նախատեսուի ամբողջ երկրագունդի վրայ։ Ցայսօր բազում ոլորտներու մէջ բանած է այս մօտեցումը։ Համպուրկեր ճաշակալու համար ո՛չ մէկ դժուարութիւն. նոյնն է ամէնուրեք։ Նորաձեւութեան ընկերութիւններու արտադրանքն ալ նոյնպէս։ Հոլանտայի մէջ վաճառուածը պատրաստուած կ՚ըլլայ Էնտոնեզիայի մէջ։ Մարդիկ սկսած են իրարու նմանիլ իրենց հագուստ-կապուստով։ Մետիան ալ կը խթանէ այս համարկումը։ Մարդիկ այլեւս չեն համակրիր միայն իրենց շրջապատի տեղական մարզակումբներուն։ Ռէալ Մատրիտի կամ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի համակիրները սփռուած են աշխարհով մէկ։ Համացանցն ալ, կ՚երեւի, գագաթնային օրինակն է արդէն։
Եկուր-տե՛ս, որ երբեմն ալ չի բանիր համահարթեցումը։ Համպուրկերի պարագային կան հասարակաց չափանիշներ, հապա քորոնաժահրի պատուաստանի՞ւթը... Այդ պարագային չկայ միասնական վերաբերմունք։ Ռազմական սարքաւորումներն ալ համակարգերու առումով խիստ պատկանելիութիւն ունին։ Այսինքն հոն ալ կան տարբերութիւններ։ Համատեղ գետնի մը վրայ չեն՝ հակառակ, որ բոլորն ալ, վերջին հաշուով, սպաննելու կը ծառայեն։
Մէկ կողմէ համահարթեցումը կը տանի նոյնականացման ու կը ճնշէ այդ շրջանակէն դուրս մնացած ամէն ինչի վրայ, իսկ միւս կողմէ ալ այդ դուրս մնացածներուն գոյատեւման պայքարը կը վերածուի պոռթկումի մը, որ կը խանգարէ համահարթեցումը։ Այսօր նոյնիսկ կը խօսուի, որ տարբեր բեւեռներ ունենան իրենց սեփական համացանցը։ Երբ ամէն ինչ առ երեւոյթ իրարու նմանի, շատեր գոհ կ՚ըլլան, որովհետեւ այդ պատկերին ներքեւ թաքնուած՝ իրենց խաղը յառաջ կը տանին։ Իսկ այդ մակերեսայնութենէն անդին եթէ հերթը գայ խորքայինին, ապա ամէն ինչ կ՚ըլլայ տակն ու վրայ։ Այդ խորքը, արդարեւ, կրնայ յառաջացնել տարբեր հայեացքներ, որոնք համահարթեցումը կրնան դուրս բերել համպուրկերի սահմաններէն։ Աստուած չընէ, որ բոլորը, ամէնուրեք նոյն պատուաստանիւթին վրայ յամառին։
Ու վրայ կը հասնի Կէօթէի խօսքը. «Շարունակ մի՛ փնտռեր՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ է փնտռածդ. ոչինչ կը գտնես»: