ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէսի իրագործման։
Միրզոյեան եւ Լը Տրիան քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան ֆրանսացի պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի հետ սահմանի վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած սադրանքները եւ հրադադարի շարունակական խախտումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ ներառեալ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումը, հոգեբանական ճնշումներու գործադրութեան փաստերը։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկեցին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքտի հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերը։
Արարատ Միրզոյեանի հետ զրուցելէ օր մը առաջ, ֆրանսացի նախարարը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Ատրպէյճանի իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ մասնաւոր քննարկման առարկայ դարձած էր տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը։ Լը Տրիան եւ Պայրամով անդրադարձած էին 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութիւններու իրագործման։ Նախարարները շօշափած էին նաեւ Պաքուի կողմէ Երեւանին ներկայացուած՝ 5 կէտերէ բաղկացեալ այն առաջարկը, որ հիմնարար սկզբունքներ կը նախատեսէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրման համար։ Պայրամովի հետ զրուցելու ընթացքին Լը Տրիան յայտնած է, որ Ֆրանսա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։