Հինգշաբթի 5, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին Ապրիլի 25-26-ին Էրտողան պիտի այցելէ Ատրպէյճան՝ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ ան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու համաշխարհային ֆորումին, որ կազմակերպուած է եօթներորդ անգամ։
Պաքուի մէջ նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի հանդիպումը Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը՝ ի մասնաւորի TANAP ծրագիրը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016