ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) ներ­կա­յիս թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նին։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս ու­ղեր­ձը։

Յար­գե­լի Պա­րոն Սեդ­րա­կեան,

Սրտանց կը շնոր­հա­ւո­րեմ Ձեզ եւ ՀԲԸՄ-ի բո­լոր ան­դամ­նե­րը կա­ռոյ­ցի 110-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։

Փա­ռա­հեղ ան­ցեալ ու­նե­ցող այս հզօր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր հիմ­նա­դիր­նե­րու սկզբունք­նե­րուն, ի­րա­պէս հիաց­մուն­քի ար­ժա­նի է։ Ա­ւե­լի քան մէկ դա­րու գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին վեհ գա­ղա­փար­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած ան­ձեր մշտա­պէս հան­դէս ե­կած են հա­յան­պաստ եւ հայ­րե­նա­պաշտ գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ օգ­նած դի­մա­կա­յե­լու զա­նա­զան ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ մեր ազ­գին նե­տուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րուն մէջ։

Իր ամ­բողջ գո­յու­թեան ըն­թաց­քին Բա­րե­գոր­ծա­կա­նը ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան յե­նա­սիւ­նե­րէն մին։ Ա­սոր վառ վկա­յու­թիւնն են այն ծրագ­րե­րը, ո­րոնք ՀԲԸՄ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է եւ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Հա­յաս­տա­նի, Սփիւռ­քի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Այս յո­բե­լեա­նը կը դի­մա­ւո­րենք նոր եւ ծանր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մա­կայ­մամբ, հայ­րե­նի­քի շուրջ եւ Սփիւռ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բո­լո­րին առ­ջեւ նոր հիմ­նախն­դիր­ներ դրած են։ Վեր­ջին օ­րե­րու ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մը ա­պա­ցոյցն է այն բա­նին, որ մենք ի­րա­ւունք չու­նինք զգօն չըլ­լա­լու եւ որ մեր ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան դէմ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու միակ ճշմա­րիտ ու­ղին մեր հա­մախմ­բուած եւ միաս­նա­կան ըլ­լալն է։ ՀԲԸՄ միշտ ա­ռաջ­նոր­դուած է այս գոր­ծե­լաո­ճով։

Յար­գար­ժան Պա­րոն Սեդ­րա­կեան,

Վստահ եմ, որ այ­սու­հե­տեւ եւս Ձեր ղե­կա­վա­րած կա­ռոյ­ցը ան­շե­ղօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել ազ­գա­նուէր նոր ձեռ­նարկ­ներ՝ ի նպաստ մեր հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման։

Ան­գամ մը եւս կը շնոր­հա­ւո­րեմ Ձեզ եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը այս նշա­նա­կա­լի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։

Թող այս յո­բե­լեա­նը ՀԲԸՄ-ի բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար ըլ­լայ բա­րու­թիւն, ջեր­մու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն սփռող իւ­րօ­րի­նակ ազ­դակ։ Կը մաղ­թեմ Ձե­զի եւ կա­ռոյ­ցի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն բե­ղուն աշ­խա­տանք, անս­պառ ե­ռանդ՝ ի նպաստ հայ ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յի եւ ի փառս հայ­րե­նի­քի։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2016