ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Լաթվիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, տաղերգու Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի լաթիշերէն տարբերակի շնորհանդէսը: Գիրքը թարգմանած է լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինա: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Լաթվիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսին ներկայ եղած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Լաթվիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, թարգմանիչ Վալտա Սալմինա, Մատենադարանի հետազօտող Արուսեակ Թամրազեան, լաթվիացի հասարակական գործիչներ:
«Գրիգոր Նարեկացին կը հաւատար, որ «Մատեան ողբերգութեան»ը ըլլալու է համամարդկային ստեղծագործութիւն, գիրքը ունենալու է ընդհանրական լսարան եւ յոյս ունէր, որ զայն կը թարգմանուի եւ կ՚ընդունուի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ տարբեր դարաշրջաններու մէջ», «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ողջոյնի իր խօսքին մէջ ընդգծեց Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան:
Ան Պալթեան երկիրներէն ներս հայկական մշակութային արժէքներու տարածման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետայլով պարգեւատրեց թարգմանիչ, հայագէտ Վալտա Սալմինային, Պալթեան երկիրներու մէջ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Խոսրով Քհնյ. Ստեփանեանը, Լաթվիոյ Պետական երաժշտանոցէն Փրոֆ. Րաֆֆի Խարաճանեանը, պատուոյ գրերով պարգեւատրուեցան գործարարներ Մխիթար Մխիթարեան եւ Յովիկ Մկրտչեան:
«10-րդ դարու հոգեւորական եւ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը Աստուածաշունչի հետ միատեղ այն երկու գիրքերն են, որոնք կը պահուին բոլոր հայ ընտանիքներու մէջ: «Նարեկ»ը, ինչպէս գիրքը կ՚անուանուեն հայերը, ոչ միայն կարդացած ու համբուրած են, պահել գրապահարաններու մէջ ու բարձերու տակ, այլեւ զգացած, գնահատած ու պաշտած: Ան հայկական ամենամեծ բանաստեղծական գործն է, որու միջոցաւ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան միջոցով մարդը կ՚աստուածանայ, իսկ Աստուած կը մարդանայ: Այնուամենայնիւ, անհատը, մտածող, տրամաբանող, զգացող, տառապող անհատը իր բարդ միտքերով, կասկածներով, յոյսերով, երազանքներով ու իտէալներով կը մնայ այս աշխատանքի հիմնական հերոսը: «Նարեկ»ը կարծես աղբիւր մը ըլլայ այնքանով, որքանով ընթերցողը կրնայ հասնիլ անոր, հասկնալ իմաստն ու ուղերձը, ան այնքան կը բացուի: Լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինայի ջանքերով լաթվիացի ընթերցողները հնարաւորութիւն ունին զայն կարդալու, շփուելու իրական գրական գլուխ գործոցի հետ: Ան հայ եւ համաշխարհային գրականութեան գանձերերէն է», կը նշէ Լաթվիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:
Լաթվիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը՝ «Ռիկայի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ընթերցումներ. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի. համամարդկային բանալի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ» խորագրեալ: Երկօրեայ խորհրդաժողովէն վերջ Ռիկայի տեղի ունեցաւ համերգ՝ նուիրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին: Համերգին մասնակցեցաւ Լաթվիոյ ձայնասփիւռի երգչախումբը, ինչպէս նաեւ հայազգի մեցցօ-սոփրանօ Աննա Մայիլեան: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Միջոցառումները կազմակերպուեցան Լաթվիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու շրջագիծէն ներս:
Իսկ Ռիկայի համալսարանի գրադարանի սրահին մէջ բացուեցաւ նաեւ «Արմէնփրէս»ի լուսանկարչական ցուցահանդէս: Ներկայացուեցան հայկական միջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան կոթողային յուշարձաններու բացառիկ լուսանկարներ: