ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿՈՂՄԸ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հրաւէր ուղղած է, որպէսզի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մասին Էլմար Մամետեարով տեղեկացուց յայտարարութիւնով մը եւ աւելցուց, որ ամերիկացի պետական քարտուղարը ջանքեր պիտի գործադրէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին բերելու համար իր նպաստը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մնացականեան եւ Մամետեարով ներկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը ունեցած էին Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ։

Մինչ այդ, Երեւանի կողմէ երէկ  ճշգրտումներ կատարուեցան Մամետեարովի կողմէ Մոսկուայի հանդիպման կապակցութեամբ կատարուած յայտարարութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Մամետեարով յայտնած էր, թէ Մոսկուայի մէջ քննարկումներ կատարուած են 2016 թուականին Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուած ծրագրի հիման վրայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ յայտնեց, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի շուրջ ներկայիս որեւէ ծրագրի հիման վրայ բանակցութիւններ չեն ընթանար։ Քննարկումներու բովանդակային մասը կը շարունակուի դիրքորոշումներու փոխադարձ ծանօթացման, պարզաբանման եւ յստակեցման ուղղութեամբ։ Բանբերը ընդգծեց, որ համաձայնեցուած ձեւակերպումներէ դուրս, անոնց հակասող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, առաւել եւս եթէ անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է հայ լրագրողներ հիւրընկալելու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019