ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն բազմանդամ պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Խորհրդարանականներու ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚եզրափակուի այսօր։ Անոնք Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, ամերիկացի քոնկրէսականները ընդունուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Հիւրերը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուին Ծիծեռնակաբերդ։ Իրենց կեցութեան ընթացքին ամերիկացի օրէնսդիրները գտնուեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր հանդիպում մը ունեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան ամերիկացի քոնկրէսականներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսութեան հզօրացման ուղղութեամբ երկիրը կ՚ակնկալէ իր միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը՝ ներառեալ ԱՄՆ-ը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019