ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎ

Կասպից ծովու եզերակից երկիրներու պաշտօնատարները յառաջիկայ շրջանին ժողով մը պիտի գումարեն Աստանայի (Նուրսուլթան) մէջ։ Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Կասպից ծովու Բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբի երկրորդ ժողովին պիտի մասնակցին ափամերձ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները։ Առաջին ժողովը տեղի ունեցած էր Պաքուի մէջ։

Ռուսաստան, Իրան, Ղազախիստան, Թիւրքմենիստան եւ Ատրպէյճան անցեալ տարուան օգոստոսին ստորագրած էին համաձայնագիր մը, որով իրաւական կարգավիճակ մը սահմանուած էր Կասպից ծովու համար։ Աստանայի յառաջիկայ ժողովին ժամանակ աչքէ պիտի անցուի այդ համաձայնութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019