ԲՆԱԶԴՆԵՐՈՎ ԵՒ ՅՈՅԶԵՐՈՎ

Երէկ լսեցի երիտասարդ պատգամաւորներէն մէկուն հերթական խօսքերը անանուն կեներալի մը վրայ (չեմ գիտեր, ո՛վ նկատի ունէր՝ Սէյրան Օհանեանը, Մովսէս Յակոբեանը կամ գուցէ Օննիկ Գասպարեանը)։ Կասկած չկայ, թէ նման ելոյթները դիւր կու գան իշխանական պատգամաւորներու «շէֆին», որ, ի դէպ, նոյնպէս կ՚օգտագործէ «ընդդիմադիր կեներալ» անորոշ բառակապակցութիւնը։

Պարզ է՝ նախընտրական շրջան է, իշխանական խումբի ներկայացուցիչներուն, թերեւս, յանձնարարուած ըլլայ վարկաբեկել բոլոր ընդդիմախօսներն ու քննադատները։ Գուցէ նման վարկաբեկումներու համոզիչ ըլլալէն, «պորտը տեղը դնելու» հռետորաբանութեան սրութենէն կախուած են «Իմ քայլական»ներու տեղերը կուսակցութեան նախընտրական ցուցակին վրայ։ Միանշանակ է նաեւ, որ կեներալները ամենեւին ալ սուրբ չեն, իսկ անոնց քաղաքական հայեացքները կրնան մեզի դիւր չգալ։

Բայց երբ ես, թէկուզ քննադատաբար, կը խօսիմ նման մարդոց մասին, ես, այնուամենայնիւ կը փորձեմ «հաշուեկշռել» իմ եւ անոնց ծառայութիւնները, իմ եւ անոնց անցած ուղին։ Նոյնը, հաւանաբար, պէտք է ընեն յաջորդ սերունդները ներկայացնող իշխանաւորները։ Մանաւանդ՝ երբ խօսքը բանակի մասին է։ Մենք ունեցած ենք թէ՛ փտած, թէ՛ յղփացած, թէ՛ իշխանութենէն գլուխները կորսնցուցած կեներալներ։ Մենք ունեցած ենք (բացառուած չէ, հիմա ալ ունինք) հրամանատարներ, որոնք կը վաճառէին իրենց զօրամասերու պենզինը։ Բայց ներկայացնել մեր բանակի քսան տարուայ պատմութիւնը՝ որպէս համատարած թալան, քարոզչական չափազանցութիւն է։

Սա սխալ է երկու տեսանկիւնէ։ Նախ՝ պէտք է բերել այդ «համատարած թալանը» ապացուցող ծանրակշիռ փաստեր. օրինակ՝ զէնքի համար յատկացուած X գումարէն չէ գնուած, գրպանուած է, քամիին տրուած է Y գումարը։ Սա անհրաժեշտ է ոչ միայն ոեւէ մէկը մեղադրելու, այլեւ ապագային «գոյքագրում» ընելու համար։ Երկրորդ՝ նոյնպէս ապագայի տեսանկիւնէն, բանակը՝ որպէս պետութեան կարեւորագոյն կառոյց, պէտք է զերծ պահել քարոզչական հարուածներէ, մերկապարանոց վարկաբեկիչ յայտարարութիւններէ։ Ակնյայտ է, չէ՞, որ 2020 թուականի պատերազմը վերջինը չէր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ ամօթալի պարտութենէն յետոյ մենք վաղ թէ ուշ պէտք է մեր մէջքը ուղղենք։

Հետեւաբար, քաղաքական, նախընտրական նկատառումներով զերոյացնել մեր պետութեան, մեր բանակի պատմութեան ինչ-որ ժամանակահատուածը՝ վնասակար է, կը ստեղծէ անվստահութեան, նիհիլիզմի (ոչնչապաշտութեան) մթնոլորտ, որու առկայութեան պարագային հնարաւոր չէ մէջքը ուղղել։ Քանի տակաւին Հայաստանի իշխանութիւնը ինքզինք չի դրսեւորեր որպէս իշխանութիւն, այլ հանդէս կու գայ որպէս նախորդ իշխանութեան ընդդիմութիւն, քանի տակաւին անոր ամբողջ գործունէութիւնը հիմնուած է քարոզչութեան, մերժելու, որոշ զանգուածներու յոյզերու եւ բնազդներու հետ խաղալու վրայ, մէջքը ուղղելու մասին խօսիլը վաղաժամ է։ Պետութիւնը, հասարակութիւնը կրնայ ինքզինք վերագտնել միայն այն պարագային, երբ միասնական է, երբ ունի ընդհանուր նպատակ։ Ներկայ իշխանաւորները, մեղմ խօսքով, այս բանին չեն նպաստեր։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021