ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿ

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան շաբաթավերջին նամակ մը ուղարկեց ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ վերջին օրերուն բացուած «Ռազմական աւարի պուրակին»։ Այնտեղ կը ցուցադրուին ազգութեամբ հայեր պատկերող կերպարներ, Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու սաղաւարտները եւ անձնական իրերը։

«Մարդկային զրկանքները եւ մահերը Պաքուի մէջ ամենաբարձր քաղաքական մակարդակով տօնելը ազգութեամբ հայերը նսեմացնող ու անմարդկային ձեւով պատկերելու միջոցաւ եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ պետութեան կողմէ հովանաւորուած հակահայկական ատելութեան սերմանման քաղաքականութիւնը եւ բացայայտ ցեղասպան մտայնութիւնը», նշուած է դեսպան Մարգարեանի նամակին մէջ։

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի մէջ բացուած այս բացօթեայ թանգարանը լայն արձագանգ ստեղծած է ու միջազգային հարթութեան վրայ ալ պատճառ դարձած՝ զանազան քննադատութիւններու։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021