ԴԱՏԵԼ՝ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆՈՎ

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ այցելել երկրի մարզերը։ Նախընտրական քարոզարշաւի բնոյթ ստացած են վարչապետին այդ այցելութիւնները, որոնց հերթականը ան շաբաթավերջին տուաւ Վայոց ձորի մարզը։

Նիկոլ Փաշինեան թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ զանազան խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Վայոց ձորի մէջ։

«Մեր երկրի անվտանգութեան համակարգը հիմնուած է Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական եւ ռազմաքաղաքական դաշինքի հիման վրայ», ըսաւ Փաշինեան ու պնդեց, որ Արցախի պատերազմի ընթացքին այդ մէկը չէ գործած, որովհետեւ այդ անվտանգային համակարգը կը տարածուէր մի միայն Հայաստանի Հանրապետութեան այն սահմաններուն վրայ, որոնք 2010 թուականին օրէնքով մը ճշդուած էին։

Հարկ է միջանկեալ նշել, որ խօսքը կը վերաբերի երկրի վարչատարածքային բաժանմունքին վերաբերեալ օրէնքի մը եւ ընդդիմադիր շրջանակները քանիցս հերքած են վարչապետին այս մօտեցումը՝ պատճառաբանելով, որ այդ մէկը ներքին կարգադրութիւններու վերաբերեալ օրէնսդրութիւն մըն է եւ չի կրնար պայմանաւորել երկրի ընդհանուր սահմաններու, տարածքի վերաբերեալ կարգադրութիւնները։

Վայոց ձորի մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այսօր մարդիկ արդարօրէն հարց կը բարձրացնեն՝ չդատուածներու մասին։ «Յառաջիկային պիտի ըլլան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ով որ մենք չենք կարողացած դատել, դուք կրնաք ձեր քուէարկութիւնով դատել։ Սա ալ դատ է։ Ով որ ձեր կարծիքով մենք պէտք է դատէինք ու չէինք կրցած դատել, սա կ՚ուշանայ, յունիսի 20-ին ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ դատել։ Մեզ ալ կրնաք դատել, միւսներուն ալ կրնաք դատել։ Ես համոզուած եմ, որ հայ ժողովուրդը արդար կը դատէ», յայտնեց Փաշինեան։

Անդրադառնալով տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վիճելի հեռանկարներուն, որոնց շուրջ մատնանշուած վտանգներուն փոխարէն համոզիչ հակափաստարկներ ցոյց տալու ի վիճակի չ՚ըլլար Հայաստանի իշխանութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Կ՚ըսեն՝ Զանգեզուրի միջանցք պիտի ունենանք, մենք ալ ուրեմն Նախիջեւանի միջանցք պիտի ունենանք»։ Փաշինեան կարեւորեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութիւնը, որու մէջ կը շեշտուէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ այսպէսով ընդգծելով հարցի կարգաւորուած չըլլալը։ «Ատրպէյճան կը փորձէր ներկայացնել, թէ Ղարաբաղի հարցը այլեւս լուծուած է, Ղարաբաղի հարց չկայ։ Բայց համանախագահները ընդգծեցին, որ հարցը պէտք է կարգաւորուի, ընդ որում կողմերու յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գործընկերութիւնը միշտ ամուր եղած է ու կը շարունակէ այդպէս մնալ։ Անոնք եղբայր պետութիւններ են։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ ան հարկ նկատեց արձանագրել, որ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան թշնամիներ չեն։

Վայոց ձորի մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց վերջին շրջանի իր կարգախօսը, ըստ որու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայ ապագայ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ ընտրական օրէնսգրքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններն ու լրացումները պիտի չվաւերացուին Արմէն Սարգսեանի կողմէ, բայց ան նաեւ այս հարցին շուրջ պիտի չդիմէ Սահմանադրական ատեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021