ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Երեւանի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ իրականացաւ վերականգնողական բուժում ստացող զինուորներու ձեռային աշխատանքներուն բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը: Ներկայացուած աշխատանքները թիթեռներով ստեղծագործութիւններ են, որոնց վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը զինուորները պիտի փոխանցեն Զինուորի տան:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին խօսաք առաւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեան ու ըսաւ. «Տղաները իրենց ձեռքով արուեստ կը ստեղծեն եւ ես պատահականօրէն չեմ ըսեր արուեստ բառը: Անոնք կը ստեղծեն գեղեցիկ գործեր եւ այսպէսով կը յաջողին յաղթահարել իրենց ժամանակաւոր  տկարութիւնը: Այս յիշարժան միջոցառում մըն է եւ կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն գումար պիտի հաւաքուի, պարզապէս այս ներդրումը անգնահատելի է: Նախապէս այս աւանդոյթը եւս եղած է՝ տղաները տղաներուն համար համոզումով: Այս բարի աւանդոյթը պէտք է շարունակել միացեալ ուժերով»։

Ապա արտայայտուեցաւ Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մեսրոպ Առաքելեան ու նշեց, որ պետութեան կողմէ տղաներուն առողջութեան եւ ընկերային երաշխիքներու համար Հայաստանի կառավարութիւնը իր առաւելագոյնը կ՚ընէ:  «Մենք շատ կարեւոր կը համարենք յետագային ձեր ներգրաւուածութիւնը աշխատանքի եւ կրթութեան մէջ: Այն միջավայրը, որ այսօր կը տեսնենք, այն, ինչ որ կը ստեղծագործէք, մեզ կը պարտաւորեցնէ ըլլալու աւելի ուժեղ: Վստահ եմ, որ աւելի լաւ երկիր պիտի կերտենք նաեւ ի յիշատակ այն տղաներուն համար, որոնք իրենց կեանքը չխնայեցին յանուն հայրենիքի», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Հայկուհի Մինասեան նշեց, որ յառաջիկային Զինուորի տան մէջ պիտի բացուի մեծ սենեակ մը, ուր տղաները պիտի ուսումնասիրեն կաւագործութիւն, քանդակագործութիւն եւ կարելիութիւն պիտի ունենան զանազան ուղղութիւններով զարգացնելու իրենց հմտութիւնները:

Հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախաձեռնողներուն եւ ընդգծեցին, որ այս աշխատանքին շնորհիւ կը ցրուեն պատերազմի իրենց վատ յիշողութիւնները: Անոնք նշեցին նաեւ, որ իւրաքանչիւր ներկայութիւն իրենց համար կարեւոր է:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021