ԻՇԽԱՆ ՖԻԼԻՓԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ, շաբաթավերջին պատմական ու հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յուղարկաւորուեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ամուսինը՝ Էտինպուրկի դուքս արքայազն Ֆիլիփ։ Ուինձորի ամրոցի Ս. Գէորգ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ իշխանին հրաժեշտը, որու ընթացքին թագուհին եւ արքունիքը խոնարհեցան արքայազն Ֆիլիփի յիշատակին առջեւ։

Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով միմիայն արքունիքի երեսուն անդամները մասնակցեցան յուղարկաւորութեան։ Անգլիական՝ խոր աւանդութիւններով պայմանաւորուած արարողակարգը կեանքի կոչուեցաւ ընդհանուր առմամբ 700 զինուորականի մասնակցութեամբ։

Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփի դագաղը մարմարեայ պատուանդանով հանդերձ, յատուկ սարքի մը միջոցաւ իջեցուեցաւ արքունիքի ստորգետնեայ դամբարանը, ուր ժամանակաւորապէս պիտի հանգրուանէ իշխանը։ «Պի.Պի.Սի.»ի հաղորդումներով, Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահէն վերջ իշխան Ֆիլիփ պիտի վերայուղարկաւորուի եւ անոնք միասնաբար պիտի ամփոփուին մատրան այն հատուածէն ներս, ուր կը հանգչին Էլիզապէթ Բ. թագուհիի հայրը՝ Ճորճ Զ. թագաւորն ու կինը, ինչպէս նաեւ այժմու թագուհիի կրտսեր քոյրը՝ արքայադուստր Մարկրիթը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021