ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքը վաղը միջազգային խորհրդաժողով մը պիտի կազմակերպէ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ պիտի քննարկուին պատմութեան հէնքին, իրաւական չափումներուն եւ մերօրեայ անդրադարձին վերաբերեալ հարցի զանազան երեսակները։ Այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին Օսմանեան կայսրութեան մէջ բոլոր ազգերը մեծ ցաւեր կրած են։ Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է՝ այդ բոլորի գիտական մօտեցումով արդար ձեւով քննարկման համար։ Խորհրդաժողովը նախատեսուած է երեք նիստով՝ պատմական, իրաւական եւ այժմէական երեսակներու շուրջ։ Բացման խօսքերով հանդէս պիտի գան Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն եւ Թուրք պատմութեան հիմնարկի նախագահ փրոֆ. Պիրոլ Չեթին։ Խորհրդաժողովը հասանելի պիտի ըլլայ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Թուրքիոյ առընթեր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իրլանտայէն եւ այլ երկիրներէ ակադեմականներ, հետազօտողներ, մասնագէտներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ մասնակցութիւն պիտի բերեն ծրագրին։ Առցանց ձեւաչափով այս խորհրդաժողովին պիտի հետեւին բազմաթիւ բարձրաստիճան հրաւիրեալներ։

«Պատմական գործընթացի մէջ 1915-ի դէպքերը եւ հայկական հարցը» խորագրուած է խորհրդաժողովի առաջին նիստը, որու նախագահը պիտի ըլլայ փրոֆ. Եուսուֆ Սարընայ, որ վերատեսուչն է Թուրքիոյ Սակարաններու եւ առեւտրական գրասենեակներու միութեան Տնտեսութեան ու  փորձագիտութեան համալսարանի։ Առաջին նիստի ատենախօսները պիտի ըլլան՝ Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդական փրոֆ. Սէյիտ Սերթչելիք, փրոֆ. Մեսուտ Ույար (Անթալիայի «Պիլիմ» համալսարան), Եւրոասիոյ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնէն տքթ. Մաքսիմ Կոէն եւ Ատրպէյճանի Լեզուներու համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Օլէկ Քուզնեսով։

«Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն 1915-ի դէպքերը» խորագրեալ երկրորդ նիստը պիտի վարէ փրոֆ. Սեւկի Կիւլ Աքեըլմազ, որ «Հաճը Պայրամ Վելի» համալսարանի դասախօսներէն է։ Այս նիստի ատենախօսները պիտի ըլլան ամերիկահայոց կողմէ բացուած դատերու մէջ թրքական կողմի շահերը պաշտպանած իրաւաբան Տէյվիտ Սելցման, Եւրոասիոյ հետազօտութիւններու կեդրոնի վերլուծաբաններէն Հազէլ Չաղան Էլպիր եւ իրաւաբան տքթ. Տենիզ Աքչայ, որ մասնագէտ իրաւաբանի կարգավիճակով աշխատած է Եւրոխորհուրդի մօտ Թուրքիոյ Մշտական ներկայացուցչութենէն ներս (Սթրազպուրկ)։

«1915-ի դէպքերու մերօրեայ ցոլացումները եւ հեռանկարները» խորագրեալ երրորդ նիստը պիտի վարէ վաստակաւոր դեսպան Ալեւ Քըլըչ, որ այժմ Եւրոասիոյ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախագահն է։ Այս նիստին ժամանակ արժեւորումներով հանդէս պիտի գան փրոֆ. Էօմէր Թուրան («Օրթատողու Թեքնիք» համալսարան), փրոֆ. Եըլտըզ Տեւեճի Պոզքուշ (Անգարայի համալսարան), Թուրք-ամերիկեան միութիւններու խորհուրդի նախկին նախագահ Էրկիւն Քըրլըքօվալը, Գերմանիայէն՝ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն տքթ. Քրիստիան Եոհանսէն Հենրիխ եւ անկախ ուսումնասիրող տքթ. Փեթ Ուոլշ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021