ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը շաբաթավերջին մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ 13 ապրիլին, միջազգային մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Պաքուի Դիւանագիտական ակադեմիայէն ներս կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ Ալիեւ յայտարարած էր, որ իրեն համար յստակ չէ, թէ ի՛նչ դիրքորոշում ունի Ուաշինկթըն Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին ամիսներուն ծաւալուած զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Ան յայտնած էր նաեւ, որ ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը կը խախտէ հաւասարակշռութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։

Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան կողմէ այս բոլորի լոյսին տակ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ կողմերու հետ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան յարատեւ քաղաքական կարգաւորման ու հաշտութեան նպաստելու համար»։

Ամերիկացի դիւանագէտները ընդգծեցին նաեւ, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ կարեւորել համագործակցութիւնը Պաքուի հետ՝ կենսական նշանակութեամբ տարածքաշրջանէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021