ՍՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին ցաւակցական մը հրապարակեց՝ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ նորոգ հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ։ Ողբացեալի ընտանիքին եւ բոլոր վշտացեալներուն ուղղուած ցաւակցագրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց հետեւեալը։

*

Ցաւով տեղեկացանք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակ տիար Վարդան Գրիգորեանի մահուան։ Յանուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան՝ կը բերենք մեր սրտակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը ննջեցեալի ընտանիքին, հարազատներուն ու բոլոր վշտացեալներուն։

Հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան կրթական, գիտական եւ հանրային ճանչցուած գործիչ մըն էր։ Աւելի քան 20-ամեայ գործունէութեամբ ան գովելի նպաստ բերած էր ընկերային գիտութիւններու զարգացման, բեղուն առաքելութիւն իրականացուցած ԱՄՆ-ի հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններէ ներս։ Մեծ փորձառութեամբ ու վաստակով լուսահոգի Վարդան Գրիգորեան գլխաւորած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը՝ վերականգնելով անոր մշակութային նշանակութեան կարգավիճակը եւ շուրջ երկուքուկէս տասնամեակ նախագահած Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկին՝ արգասաւորելով բարեգործական այս հաստատութեան ծրագրերու իրականացումը աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս։ Իր կերպարը կ՚ոգեշնչէր սփիւռքի շատ գործիչներ եւ օրինակելի էր նոր սերունդի համար։

Առանձնակի ջերմութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ համաշխարհային հռչակի արժանացած հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան միշտ կը շեշտէր իր ազգային պատկանելիութիւնը, Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալը։ Բարեյիշատակ հայորդին միշտ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին, պատարագի սրբազան արարողութիւններուն, եկեղեցական կարեւոր միջոցառումներուն ու ձեռնարկներուն։ Իր սրտին մէջ հաստատուն էր հաւատարմութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը՝ առ ազգն ու հայրենին։ Ան համահիմնադիրն էր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ մեծապէս կը կարեւորէր Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման, հարազատ երկրի զօրացման ու յառաջընթացի գործին մէջ նուիրեալ ջանքերու ներդրումը, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու արդիւնաւորումը։

Աղօթք կը բարձրացնենք առ ամենողորմ Աստուած, որպէսզի իր անսահման գթութեամբ երկնային երանական բարձունքներու մէջ խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն պարգեւէ հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի լոյս հոգիին։ Այլեւ կը հայցենք Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնն ու սփոփանքը ննջեցեալի ընտանեաց անդամներուն ու հարազատներուն եւ սգակիր բոլոր անձերուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021