ՓԱԿՈՒՂԻ՞, ԹԷ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայ գերիները կ՚օգտագործէ՝ որպէս խաղաքարտ։

Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի՝ Թիֆլիզի կեդրոնէն ներս յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Իր շփումներուն հետեւած լրագրողներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ իր մօտ պահուող հայ գերիները Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ՝ որպէս խաղաքարտ, ծառայեցնելու համար իր նպատակներուն։ «Սա ամօթալի է՝ նոյնիսկ պատերազմող պետութիւններու պարագային, անընդունելի է միջազգային բոլոր օրէնքներով։ Ընդհանրապէս, սա անթոյլատրելի է զուտ մարդկային առումով, սա հակամարդկային քայլ է։ Ատրպէյճանի հետ բանի մը մասին խօսելէ առաջ նախ թող մեր տղաներն ու աղջիկները վերադարձնեն, յետոյ յաջորդ քայլի մասին կը մտածենք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ հանդիպումներու ընթացքին ընդգծած է՝ առանց Արցախի հարցի արդար ու վերջնական լուծման, տարածքաշրջանէ ներս անհնար է կայունութիւն ապահովել։ Իր շփումներուն ժամանակ վրացական կողմը կրկնած է իր առաջարկը, որպէսզի Թիֆլիզ հարթակ դառնայ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան համար։ «Առաջին անգամ չէ, որ վրացական կողմը կ՚առաջարկէ ըլլալ այն հարթակը, ուր կողմերը կրնան բանակցիլ։ Շատ լաւ, ազնիւ առաջարկ է, բայց ո՞ւր, ովքե՞ր, ինչի՞ մասին պէտք է բանակցին։ Յամենայնդէպս, ինծի համար տակաւին պարզ չէ։ Որեւէ լուրջ բանակցութեան, միջպետական բանակցութեան մասին ընդհանուր ծրագրերու մասին խօսելէ առաջ նախ հակառակ կողմը պէտք է ցոյց տայ գոնէ ամենատարրական մարդկային վերաբերմունքը։ Որեւէ կողմ, անկախ այն բանէն, թէ դուն հակառակորդ ես, թշնամի ես, պէտք չէ առնես քայլեր, որոնցմով կը փակես ապագայ երկխօսութեան համար ճանապարհները», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Ըստ Արմէն Սարգսեանի, ներկայ պայմաններով Երեւան պէտք է շատ աշխոյժ, եռանդով արտաքին քաղաքականութիւն մը ունենայ։ Այս բանը այլընտրանք չունի՝ ըլլալով փոքր պետութիւն։ «Պատերազմի մէջ պարտուիլը այլ բան է, կեանքի մէջ պարտուիլը, բոլորովին ուրիշ բան մը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ պէտք է միասնականութեամբ յառաջ շարժուիլ, այլապէս՝ կարելի չէ կեանքի մէջ յաղթել պառակտուած ձեւով։ «Սա մեզի համար ամենակարեւոր խնդիրն է, որպէսզի ի վերջոյ հասնինք ազգային միասնութեան, իրարու աջակցելով, իրարու օգնելով տեղ հասնինք։ Բոլորիս գիտակցութեան մէջ պէտք է ըլլայ, որ մենք մեզ չբաժանենք, այլեւ ընդհակառակն՝ միացնենք», նշեց Արմէն Սարգսեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստան ի վերջոյ պէտք է դառնայ ոչ թէ փակուղի մը, այլեւ՝ խաչմերուկ մը։ Բայց եւ այնպէս, այս տեսութիւնը կեանքի կոչելու համար պէտք է մեծ աշխատանք տարուի, պէտք է յաղթահարուին խոչընդոտները եւ բոլոր կողմերը պէտք է ընեն իրենցմէ կախեալ հնարաւորը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 19, 2021