ԱՆԵԼ ԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք կը քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման արդիական հարցեր։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը կը կազմէ քննարկումներու առանցքը՝ ներառեալ տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնման ուղղեալ միջոցառումները։

Առանց չափազանցութեան, հայկական կողմին տեսակէտէ անելի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան այսօր։ Որոշ չափով ռուսական կողմին տեսակէտէ ալ վիճակը բարդ է՝ Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով։ Հայաստանի սահմանները երկար ժամանակէ ի վեր խախտուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Արցախի՝ ռուս խաղաղապահներու կողմէ վերահսկուած գօտիին դէմ ալ ոտնձգութիւններ կատարած են Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները։ Թէ՛ Երեւան եւ թէ Մոսկուա գործնականօրէն ոչինչ կրցած են ընել ցայսօր։ Փաշինեան վերջին շրջանին զգայացունց յայտարարութիւններ ըրած է Արցախի ապագային մասին, ինչ որ Հայաստանի մէջ քաղաքական նոր տագնապի մը ազդանշանը կը համարուի։

Այսօր Մոսկուա մեկնելէ առաջ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, որու միջնորդութեամբ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ տեսակցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկած են Պրիւքսելի հանդիպման ընթացքին գոյացած յարաբերութիւններու կատարման ընթացքը։ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ, երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըրը, որու շփումները յաջորդեցին՝ մօտաւոր անցեալի ֆրանսացի համանախագահի այցելութեան։ Երեւանեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ռուսական լրատումիջոցներու մեկնաբանութիւններուն մէջ կը մատնանշուի, թէ Նիկոլ Փաշինեան խաղաղութիւն կը փնտռէ Մոսկուայէ ներս։

Մինչ Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ տաք օրակարգ, Երեւանի մէջ կիրակիէն ի վեր ընթացք առած են բողոքի ցոյցեր։ Վերջին երկու տարիներուն այսպիսի ցոյցերը արդէն սկսած են դառնալ սովորական, որովհետեւ ցոյցերու կազմակերպիչները զանազան պատճառներով անկարող են երկար ժամանակով իրենց «ձեռքին մէջ» պահել հրապարակը, նաեւ Հայաստանի «աշխոյժ» հասարակութեան կարեւոր մասը եկած է այն եզրակացութեան, թէ փողոցային գործողութիւններով անհնար է երկրի քաղաքական տեսադաշտին մէջ օրակարգ փոխել։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ անցեալ շաբաթ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ունեցաւ ճակատագրական ելոյթ մը, որու խորքը քննարկելու պարագային, անպայման հասկնալի կը դառնայ, որ իր ըրածը հերթական մանիփիւլասիոն մըն է։ Մէկ կողմէ Արեւմուտքին, մէկ կողմէ ալ Ռուսաստանի իր մեխերը նետեց Փաշինեան. չես գիտեր անզօրութեա՞ն, թուլութեա՞ն կամ ալ ճակատագրապաշտութեան պատուհանէն նայելով՝ հանրութեան կ՚ուզէր բացատրել երկու բան։

Նա՛խ, Ատրպէյճանի դէմ կռուելու որեւէ բախտ չունի Հայաստան։ Երկրորդ՝ Արցախի հարցով Երեւան առաջուան պաշտօնական յանձնառութիւնը չունի, որովհետեւ չունի նաեւ գետնի վրայ բաւարար լծակներ՝ բան մը պարտադրելու համար։ Հեռուն չերթալու համար հարկ է անպայման շեշտադրել, որ Փաշինեանի բարձրացուցած հարցադրումներուն մէջ կարեւոր տեղ պէտք է տալ այն խնդրին, թէ ինչո՞ւ անցեալ երկու տարիներուն Հայաստան չկարողացաւ վերակազմել իր բանակը։ Յետոյ նաեւ պէտք է ընդգծել եւ հանրութեան հետ յստակօրէն բաժնել, որ Արցախի հարցով իրողապէս ինչպէ՞ս են տարածաշրջանէն ներս մեծ ազդեցութեան տէր կողմերու տեսակէտները։ Դժուար է անկեղծանալը՝ մանաւանդ մարդու մը համար, որ 44 օր տեւած ողջ պատերազմի ահաւորութիւնը եւ աղէտը փորձեց գաղտնի պահել հասարակութենէն։

Հարցում. Փաշինեան կարո՞ղ էր, իր վարչախումբին կամ ալ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին հետ փակ թէ բաց քննարկումներով հասնիլ հասարակ յայտարարի մը ու այդպէսով ալ ամէն ճիգ գործադրել՝ դադրեցնելու համար աղէտալի պատերազմը։ Պատասխանը անվերապահօրէն ա՛յո է, սակայն, այդպէս չըրաւ։ Փաշինեան այդպէս չըրաւ, որովհետեւ ո՛չ միայն պատերազմը, այլեւ քաոսը սիրող մարդ մըն էր։ Բացի այդ, կար նաեւ էական խնդիր մը, թէ ան՝ իբրեւ ղեկավար կամ առաջնորդ անտեղեակ էր Հայաստանի իրական ներուժէն։ Եւ ինչքանո՞վ ճիշդ էին այդ տեղեկութիւնները, որոնք կը զեկուցուէին իրեն՝ կապուած սահմանի իրադարձութիւններուն, բանակի ընդունակութիւններուն եւ ընդհանուր պատկերին։ Ու այդ «խոցելիութիւնը» կերպով մըն ալ հիմք կը դառնար, որպէսզի ան բոլոր այլընտրանքները մէկդի դնէ եւ գործէ ըստ կամս կամ գործէ այնքան, որքան իր խելքը կը հասնի իրերուն ու դէպքերուն։

Այս բոլորէն անդին, անշուշտ, հարկ է սեւով ճերմակի վրայ արձանագրել նաեւ մի քանի կարեւոր կէտեր, որոնց վրայ յենուելով կարելի պիտի ըլլայ իրողապէս կշռել Արցախի այսօրուան վիճակը, նաեւ հասնիլ որոշ «յուսալի» եզրայանգումներու։

1.- Տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած է բոլորովին նոր իրավիճակ մը եւ այդ մէկը այսօր տատանման սեմին է՝ Ուքրայնայի պատերազմին եւ անկէ բխած պայմաններուն հետեւանքով։

2.- Արեւմուտքը կը փորձէ ամէն գնով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծել նոր դրութիւն մը եւ այդ մօտեցումին ենթախորքը Ռուսաստանը այս տարածաշրջանէն դուրս մղելն է։

3.- Ատրպէյճան բոլոր առումներով պատրաստ էր «սպասելու» եւ ժամանակ տալու, որպէսզի Հայաստան հասկնալի եւ տրամաբանական լուծումներու առաջարկներով հանդէս գայ։ Այժմ ան նկատած է, որ համաշխարհային նոր իրավիճակին վրայ յենուելով հասած է ժամանակը «վերջնականապէս» լուծելու Արցախի հարցը, այսինքն վերադառնալ Խորհրդային ժամանակաշրջանի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի իրավիճակին ու զայն դարձնել այսօրուան Ատրպէյճանի մասնիկը։

4.- Թուրքիա, որ որոշակիօրէն խօսակցութիւններ կը տանի Հայաստանի հետ, երբեք չ՚անհանգստանար, որ Ռուսաստան նահանջէ իր դիրքերէն։ Փոխարէնը ան ալ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելիով պիտի ուժեղացնէ իր նոր որակի ներկայութիւնը։

5.- Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի չուզեն նեղացնել Ռուսաստանը, սակայն, նաեւ պիտի գործածեն եւրոպական խաղաքարտերը՝ այն իմաստով, որ անոնք կերպով մըն ալ պիտի դրժեն ձեւաչափը, նաեւ տեղ պիտի տան նոր ձեւաչափերու, որոնց մէջ Ռուսաստանի կողքին տեղ կրնան ունենալ Իրանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան։

6.- Փաշինեան, այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, մէկ կողմէ կը խօսի Ատրպէյճանի «լեզուով», բայց, մանաւանդ՝ Եւրոպայի շահերը յառաջ մղելով կը փորձէ առաւելագոյն կերպով ստանալ Արեւմտեան պլոքի մեծ նեցուկը։

7. Այս բոլորը կը կատարուին Ռուսաստանի համար բաւական ծանր իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ, անշուշտ, շատ յստակ է, որ ան այս փուլին պատրաստ չէ նոր գլխացաւանքի։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, վերջին նշաձողը եւ վերջին կարեւոր հարցադրումը կը մնայ հետեւեալը. արդեօք այս քայլերը ու գալիք իրադարձութիւնները «կլլելէ» ետք, Ռուսաստան տեղի պիտի տա՞յ իր վերջին դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս հարցումին պատասխանը կարելի պիտի ըլլայ ստանալ յառաջիկայ ո՛չ թէ ամիսներուն, այլ շաբաթներուն։

Թէ ի՞նչ արդիւնք տուաւ Պրիւքսելի Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ որու հիման վրայ կ՚երանգաւորուի նաեւ Փաշինեան-Փութին այս օրուան ժամադրութիւնը։ Քաղաքագէտ Սարօ Սարոյեան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն կարգաւորման գործընթացին մէջ կայ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւն: Բնականաբար, այդ մրցակցութեան մէկ կողմը Ռուսաստանն է, իսկ միւս կողմը՝ Արեւմուտքը: Եւ այդ մրցակցութիւնը դրսեւորումներ կ՚ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ տեղի ունեցող հանդիպումներու շրջածիրէն ներս։ Կը նկատուի, որ անոնք կը հանդիպին անգամ մը Մոսկուա եւ անգամ մըն ալ եւրոպական որեւէ երկրի մը մէջ։ Այդ մրցակցութեան ամբողջ էութիւնը կը բիւրեղանայ այն կէտին վրայ, ուր նախաձեռնութիւնը, բնականաբար, սեփական շահերը պաշտպանելու միջոցաւ, ինչպէս կ՚իրագործուի Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի կողմէ:

Հայաստանը այդ յարաբերութիւններուն մէջ թոյլ օղակ է։ Թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Արեւմուտքի համար կը ծառայէ՝ որպէս «առարկայ», որու վրայ ճնշում գործադրելով այդ կողմերը կը փորձեն բանակցութիւնները տանիլ դէպի սեփական պետական-ազգային շահերու տիրոյթը: Եւ այս նպատակով կ՚օգտագործուին թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքական միջոցներ։

«Ռազմական գործիքներու կիրառումը մենք կը տեսնենք սահմաններուն, շփման գծին վրայ՝ գործողութիւններու տեսքով։ Ատրպէյճանի միջոցաւ Ռուսաստան անընդհատ Հայաստանը կը պահէ իր ձեռքին մէջ եւ կը փորձէ թոյլ չտալ, որպէսզի ան Արեւմուտքի հետ կարողանայ իրականացնել ծրագիրներ, որոնք դուրս են ռուսական շահերու տիրոյթէն: Սակայն Ուքրայնայի դէպքերը մեծ ազդեցութիւն գործած են աշխարհի տէրութիւններու կշռի եւ նշանակութեան վրայ։ Այդ տեսանկիւնէն դիտուած՝ Պրիւքսելի վերջին հանդիպումը Արեւմուտքը նախաձեռնած է արդէն որոշակի մեծ կշռոյթ ունենալու հանգամանքը կիրառելով», համոզուած է վերլուծաբանը։

Ըստ Սարոյեանի, այս տեսանկիւնէն պէտք է հասկնալ, թէ անցեալ 5 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքը, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան երկու խմբակցութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած էր, իրենց ղեկավարներու գլխաւորութեամբ, նախկին երկու նախագահներու ղեկավարութեամբ, Ռուսաստանի կողմէ ճնշում էր։ Այդպիսով Ռուսաստան կը փորձէր Արեւմուտքին ցոյց տալ, թէ ինք Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ հիմնական խաղացողը եւ անոնք պարտաւոր են իր հետ հաշուի նստելու: Միւս կողմէ, Պրիւքսելի հանդիպումը ցոյց կու տայ այն շրջանակը, թէ Արեւմուտքը հնարաւորութիւն կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որոշ քաղաքական գործընթացներու միջոցաւ սահմանագծում իրականցնելու եւ նախապատրաստելու խաղաղութեան պայմանագիր մը, որ պիտի ըլլայ ուղղակի իր վերահսկողութեան տակ: Մրցակցութիւնը այդ վերահսկողութիւնն է։ Ռուսաստան եւ Արեւմուտք կը փորձեն իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն հարցի լուծման գործընթաց մը ապահովել, որպէսզի պաշտպանեն իրենց շահերը:

«Յառաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքին մեզի կը սպասեն լուրջ եւ մեծ գործընթացներ, որոնք ակնյայտ կը վկայեն, թէ Հայաստան ըստ էութեան, ո՞ր ճանապարհով պիտի ընթանայ, պիտի դառնա՞յ Արեւմուտքի գործունեայ գործընկերը, թէ պիտի շարունակէ հնազանդօրէն կատարել ռուսական այն ծրագիրները, որոնք կապուած են անոր շահերուն հետ՝ յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ուղեծիրին մէջ», կը նշէ Սարոյեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022