ԷԼԻ ՔՈՀԷՆԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքուի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը, որ եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան։ Էլի Քոհէն այս շրջանակին մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Պաքու ուղեւորուելէ առաջ Քոհէն յայտարարեց, որ սա կարեւոր քաղաքական այցելութիւն մըն է՝ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու համար անվտանգութեան, տնտեսութեան, նորարարութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէն ներս, նաեւ ուժեղ եւ միասնական ճակատ մը կազմելու առումով ընդհանուր դժուարութիւններու դէմ։ Իր խօսքով՝ Իրանի սահմանին Ատրպէյճանի աշխարհագրական դիրքը Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը դարձնեն շատ կարեւոր եւ անոնք ունին մեծ ներուժ։ «Իրան անյաջող կը փորձէ Ատրպէյճանը հեռու պահել Իսրայէլի հետ մերձեցումէ, ինչ որ նաեւ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու լարուածութեան պատճառներէն մին է», յայտնեց Էլի Քոհէն, որու ընկերակից բազմանդամ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ շուրջ քսան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։

Պաքուի մէջ Էլի Քոհէն հիւրընկալուած է նաեւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապպարովի կողմէ։

Միւս կողմէ, Էլի Քոհէնի այցելութեան ընդառաջ Իլհամ Ալիեւ հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց. «Ղարաբաղի հայերը կա՛մ պէտք է ընդունին Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն եւ կամ պէտք է հեռանան»։ Ալիեւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան բազմիցս յայտարարած է, թէ պիտի չքննարկէ իր ներքին գործերը որեւէ երկրի հետ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ներքին գործն է։ Իր խօսքով՝ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը պէտք է ընտրութիւն մը կատարեն։ «Այստեղ լիակատար ազատութիւն կայ, ամէն ինչ կ՚որոշուի ժողովրդավարական գործընթացներու հիման վրայ։ Այս հարցը նոյնպէս պէտք է լուծուի մարդու իրաւունքներու հիման վրայ», ըսաւ Ալիեւ։

Բաց աստի, Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց յստակ յայտարարել, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»։ Ան յիշեցուց 2020 թուականի պատերազմէն առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Ուստի, Ալիեւ համոզուած է, թէ այժմ ժամանակն է, որպէսզի Հայաստանի ղեկավարը ինքն իր յայտարարութիւնը խմբագրէ։ «Հայաստան կ՚ըսէր, թէ Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ։ Այսօր պէտք է կրկնէ մեր ըսածը՝ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է։ Որովհետեւ եթէ ըսած է այդ մէկը, ապա պէտք է ըսէ նաեւ այս մէկը», պնդեց ան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ինչպէս միշտ, Իլհամ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն ալ զուգորդուած են սպառնալիքներ, վիրաւորական արտայայտութիւններ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023