ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ մեծ հնարաւորութիւն կը տեսնէ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ հնարաւորութիւնը մեծցած է, երբ Հայաստան մարդկային կերպով արձագանգած է Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան ծրագրի 2022 թուականի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկոյց մը ներկայացուց Ազգային ժողովին մէջ։ Այս առթիւ ան խորհրդարանի ամպիոնէն հերթական անգամ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Վարչապետը ըսաւ. «Մեր երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մեծ հնարաւորութիւն կայ։ Եւ այդ հնարաւորութիւնը մեծցաւ, երբ մենք որոշեցինք մարդկային, հարեւանային արժէքներու վրայ հիմնուած տրամաբանութեամբ արձագանգել Թուրքիոյ մէջ այս տարուան սկիզբին տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին։ Եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու հանրութիւնը մեր գործողութիւնները ճիշդ այդպէս ալ ընկալեցին եւ ընդունեցին»։

Փաշինեան աւելցուց, որ Թուրքիա փրկարարական ջոկատ եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու որոշում չէին առներ, եթէ չփոխէին պատմութիւնն ու անկէ բխած խնդիրները ընկալելու դիտանկիւնը այս ժամանակահատուածին։ «Թուրքիան ալ Մարգարայի կամուրջը բեռներու եւ փրկարարներու ջոկատին համար չէր բանար, եթէ չհաւատար Հայաստանի անկեղծութեան։ Եւ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի՝ Անգարա կատարած այցի շրջանակներէն ներս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց ծածանող Հայաստանի տասնեակ դրօշները միայն արարողակարգային բաղադրիչներ չէին, այլ զարմանալի արձանագրում մը, թէ յոյսը կրնայ ծագիլ այնտեղ, ուր կը տիրէ յուսահատութիւնը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դրօշակները վեր խոյացան մեր յարաբերութիւններու եւ աղէտալի երկրաշարժի բերած աւերակներուն վրայ։ Եւ ես յոյս ունիմ, թէ յառաջիկային Հայաստան-Թուրքիա սահմանը իրօք կը բացուի, եւ հիմք կը ստեղծէ հարեւանային բնականոն յարաբերութիւններու զարգացման համար», շարունակեց Փաշինեան։

Վարչապետը նոյն ամբողջին մէջ չափազանց կարեւորեց յառաջիկայ ամիսներուն երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար սահմանը բանալու պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչելը։ «Սա կրնայ նաեւ տեղի չունենալ, եթէ մարդասիրական եւ հարեւանային արժէքներու բերած նոր ընկալումները, տպաւորութիւնները ժամանակի ընթացքին սառին, խամրին եւ քաղաքական, դիւանագիտական որոշումներու վրայ անոնց ազդեցութիւնը ի չիք դառնայ», նշեց ան։

Իր ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եթէ Հայաստան բոլոր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ յստակ արձանագրէ, որ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք կը ճանչնայ 29 հազար 800 քառակուսի քիլօմեթրը, այսինքն յստակօրէն՝ նախկին Խորհրդային Հայաստանի տարածքը։ Այդ արձանագրումը ո՛չ միայն այսօրուան, այլեւ ապագայի համար պէտք է յստակօրէն արձանագրուի։ «Եւ մենք որեւէ այլ երկրէ որեւէ տարածքային պահանջ ո՛չ միայն չունինք, այլեւ երբեւէ պիտի չունենանք», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։

Եթէ այս միտումը չարձանագրուի, չդառնայ հանրութեան ընկերային հոգեբանութիւնը, ապա ոչ ոք թոյլ պիտի տայ, որպէսզի Հայաստանը զարգանայ։ Արդարեւ, ոչ ոք կը համակերպուի այն մտքին հետ, թէ Հայաստանը կը զարգանայ, կ՚ուժեղանայ։ «Աւելին, տուեալ պարագային ո՛չ միայն մեր զարգացման թոյլ չտալը պիտի ըլլայ ուրիշներու օրակարգի խնդիրը, այլ մեր առնուազն պետութեան գոյութեան թոյլ չտալը պիտի դառնայ ուրիշներու օրակարգի խնդիրը։ Եւ այս իրավիճակին մէջ ոչ ոք պիտի օգնէ մեզի։ Իշխանութեան զարգացման օրակարգի ռազմավարական նպատակը պէտք է ըլլայ տարածաշրջանային միջավայրի հետ ներդաշնակ ու խաղաղ ապրիլը՝ երկրի անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը նպատակ ունենալով։ Սա հնարաւոր է, եթէ նոյն ռազմավարութիւնը որդեգրեն նաեւ միւսները, բայց Հայաստան կրնայ այդ բանը ընել առաջին։ Սա որեւէ ձեւով չի նշանակեր մոռնալ Հայաստանի պատմութիւնը, այլ կը նշանակէ փոխել պատմութեան ընկալման դիտանկիւնը, ընկերային-հոգեբանական ընկալումը», շեշտեց Փաշինեան։

Իր ելոյթին ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ միշտ համոզուած կը մնայ, թէ խաղաղութիւնը կը պարտադ-րըւի։ «1994-ին պատերազմի մէջ յաղթեցինք, ինչո՞ւ չպարտադրեցինք։ Իմ կարծիքով, խաղաղութիւնը կը ստեղծեն, կը կառուցեն», մատնանշեց Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու ընթացքին։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաւանական պայմանագրի իրագործումը երաշխաւորելիք միջազգային դրութիւններ պէտք է ձեւաւորուին, հակառակ պարագային՝ պայմանագրի ստորագրման յաջորդ օրը կրնայ պատերազմ բռնկիլ կամ նոր մագլցում տեղի ունենայ։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրարու տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչման՝ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան առաջարկած է, որպէսզի պայմանագրին կցուին Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի հաստատուած քարտէսները՝ որպէս երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան հիմք։ «Բայց այստեղ է, որ կը հասնինք ամենամեծ ու ամենաբարդ խնդրին՝ Լեռնային Ղարաբաղին։ Եւ կայ նրբութիւն մը, որ վերջին 16 տարուան ընթացքին եղած է խիստ հրատապ, բայց մենք այդպէս ալ երբեք չենք անդրադարձած։ Խնդիրը այն է, որ մենք սովորաբար անդրադարձ կատարած ենք ու կը կատարենք Լեռնային Ղարաբաղի ապագային, բայց կարեւոր է հակամարտութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին որեւէ պահ Լեռնային Ղարաբայի իրավիճակի մասին նոյնպէս անդրադառնալ», ըսաւ Փաշինեան ու մատնանշեց, որ վերջին հինգ տարուան ընթացքին ինք փորձած է այս բանը ընել քանի մը անգամ, սակայն, դժբախտաբար, նիւթը կը վերածուի ընդդիմութիւն-իշխանութիւն բանավէճի, ինչ որ նոյնպէս բնականոն կը համարուի։ Վարչապետը շարունակեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամբողջ ընթացքին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները դրուած են կողք կողքի։ Այսպէսով իրականութեան մէջ արձանագրուած են իրողութիւններ, զորս մենք չենք խոստովանած։ Բայց, անկախ մեր խոստովանութենէն՝ անոնք գոյութիւն ունին։ Այս համատեսքին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը կը նշանակէ, որ դուն՝ որպէս ինքնորոշման իրաւունքի շահառու՝ պայմանականօրէն կարգավիճակը վերանայելու հարց կը դնես։ Սա տեսականօրէն կրնայ նշանակել կարգավիճակը վերանայիլ, դարձնել ուրիշ կարգավիճակի մը կամ վերանայիլ ու չփոխել։ Սակայն, առանց արձանագրելու կարգավիճակը՝ ապագայ որեւէ կարգավիճակի, այսինքն՝ ինքնորոշման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ այս տրամաբանութեամբ։ Եթէ ինքնորոշման հարց կը բարձրացնենք, ապա, սա կը նշանակէ՝ բանի մը մաս ես։ Եթէ բանի մը մաս չես, ուրեմն կա՛մ արդէն ինքնորոշուած ես եւ կամ ինքնորոշման կարիք չունիս։ Հիմա մենք մեր ձեռքերով, ձեզի յայտնի ժամանակ, բանակցային, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական այս իրողութիւնը ստեղծած ենք։ Այսպէսով մենք մեզ խաբած ենք, Հայաստանի ժողովուրդը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը։ Մինչեւ որ այս փաստին հետ չառերեսուինք, երբեք խաղաղութիւն պիտի չըլլայ»։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ խաղաղութիւնը կը համարէ իր քաղաքական յանձնառութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ան չափազանց կարեւորեց, որպէսզի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջազգային դրութիւն մը ձեւաւորուի։ Եւ այդ դրութիւնով ապահովուի Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման օրակարգի իրացումը։ Բաց աստի, Փաշինեան կարեւորեց տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու բացումը։ Բայց եւ այնպէս, 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութեան երրորդ կէտով սահմանուած ճանապարհները պէտք է վերաբացուին՝ կողմերու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ։

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան լիարժէք կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնը կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն, որպէսզի Խորհրդային Հայաստանի ամբողջ տարածքը ճանչնայ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը իրատես պիտի դառնայ, եթէ անոնք յստակ, առանց երկիմաստութիւններու եւ որոգայթներու՝ իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնան ու պարտաւորուին այսօր կամ երբեք իրարու տարածքային պահանջներ չներկայացնելու։ Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ այս ուղղութեամբ համաձայնած են անցեալ տարուան հոկտեմբերի 6-ին Փրակի մէջ եւ հոկտեմբերի 31-ին՝ Սոչիի մէջ, ինչ որ արձանագրուած է համապատասխան հրապարակային յայտարարութիւններով։ «Այդուհանդերձ, թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Պաքուէն կը հնչեն պաշտօնական յայտարարութիւններ, որոնցմով դիմացի կողմը կը մեղադրուի պայմանաւորուածութիւնները չյարգելու մէջ», ըսաւ Փաշինեան եւ հերքեց Ատրպէյճանի պնդումները, ըստ որոնց խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստան կը հրաժարի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալէ։

Ելոյթին մէջ վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի առկայ մըր-ցակցութեան անդրադարձին մասին՝ Հարաւային Կովկասի վրայ։ Ան համոզուած է, թէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնայ քոնսենսիւս մը դառնալ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Փաշինեանի խօսքով՝ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճան կը մտածէ հնարաւորինս շատ բան ստանալ, իսկ եթէ հնարաւոր է, ապա ամէն ինչ ստանալ։ Իր այս ընկալումը աւելի կը բորբոքուի միջազգային իրադրութեամբ։ Ըստ էութեան, Ատրպէյճան ուղղակի կամ անուղղակի դարձած է ուժանիւթի եւ լոժիսթիք խաչմերուկ մը։ Իր կարեւորութիւնը մեծցած է թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ որոշ արեւմտեան երկիրներու տեսակէտէ։ «Բայց այս իրավիճակը ունի թէ՛ ռիսքեր եւ թէ հնարաւորութիւններ։ Ռիսքերը տեսանելի են գրեթէ ամէն օր, իսկ հնարաւորութիւնը կը համարուի այն, որ Հարաւային Կովկասը ինքնին մեծ խաչմերուկ մըն է եւ այնտեղ նուազ կարեւոր չէ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի դերը։ Այս համատեսքին մէջ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը կրնայ դառնալ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ քոնսենսիւս մը։ Արդարեւ, եթէ մեր տարածաշրջանը դարձեալ պայթի, առնուազն ուժանիւթի առումով սա կրնայ խնդիր դառնալ թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Արեւմուտքի համար՝ ուժանիւթէն բխած այլ հետեւանքներով», ընդգծեց, Փաշինեան։

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոնը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան կարեւորեց Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան օրակարգի հետեւողականօրէն յառաջ մղուիլը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կարեւորեց նաեւ Ուաշինկթընի ջանքերը՝ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային դրութեան ձեւաւորման, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023