ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան պետ Պրիս Ռոքֆոյը, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահն է։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հիւրընկալեցին ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, որ աւելի առաջ ալ ընդունուած էր արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի կողմէ։ Ներկայիս Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումները կը շարունակուին՝ հակառակ Պաքուի բողոքներուն։ Հայաստան եւ Ֆրանսա մշտական կապի մէջ են՝ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն առընչութեամբ։ Ատրպէյճան վերջին շրջանին սկսած է ակնյայտօրէն հակադարձել եւ բարձրաձայնել իր անհանգստութիւնները։ Վերջին օրերուն Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը Փարիզ ետ կանչուած էր խորհրդակցութիւններու համար։ Ֆրանսա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ են լարուածութիւններ, որոնց մթնոլորտին մէջ ֆրանսական կողմը վերջին օրերուն տեղեկացուց, թէ հայկական կողմը առանձին չի թողուր։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պրիս Ռոքֆոյի հետ քննարկեց Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան հետեւողական զարգացման վերաբերեալ օրակարգային հարցերը։ Անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, մարդասիրական ոլորտներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեամբ հարցերուն՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեալ անձերու մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին կապակցութեամբ։

Փաշինեան եւ Ռոքֆոյ կանգ առին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024