ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ օրկանական եւ բնական միրգ-բանջարեղէնէ պատրաստուած պահածոներով, անուշներով եւ հիւթերով բեռնուած բեռնատարը ուղեւորուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ հինգաստղանի հիւրանոցներուն մատակարարելու համար:
Պայմանագիրը «Թամարա Ֆրութ» եւ «Al Falaj» ընկերութիւններու միջեւ կնքուած է «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովի ընթացքին: Արաբական գործընկերը արդէն տասնհինգ բեռնարկղ (container) հայկական օրկանական եւ բնական արտադրանք պատուիրած է: Հայկական արտադրանքը արաբական երկիրներու հիւրանոցներուն պիտի տարածուի NOHF (Natural organic healthy food- բնական, օրկանական, առողջ սնունդ) մակնիշով:
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան, Արտահանման գծով տնօրէն Հայկ Միրզոյեան եւ Հայաստանի Տնտեսական նախարարութենէն Արմէն Եգանեան այցելած են «Թամարա Ֆրութ»ի պահեստներ, հետեւելու արտահանման ընթացքին, գործարարին հետ քննարկելու հնարաւոր խնդիրներն ու աջակցման նոր ծրագիրները:
«Հիմնադրամը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը արտահանման զարգացման ուղղութեամբ, քանի որ արտահանումը Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչ ուժերէն մէկն է», նշած է Արմէն Աւագ Աւագեան:
«Համագործակցութեան էապէս նպաստեց Մարտի 22-ին Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովը՝ Հայաստանի նախագահի մասնակցութեամբ: Անիկա բաւական արագացուց գործընթացը: Մարդիկ հաւատացին, վստահեցան Հայաստանին», նշած է «Թամարա Ֆրութ» ընկերութեան տնօրէն Պորիս Յովհաննիսեան:
«Այս արտադրանքի թէ՛ որակը, թէ՛ գինը կը համապատասխանէ արաբական շուկայի պահանջներուն ու գիներուն», նշած է «Al Falaj» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համատ Ալ Շահէյ:
Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովը տեղի ունեցած է Մարտ 22-ին, Ապու Տապիի մէջ, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապի էﬕրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ պին Զայեդ Ալ Նահեանի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ մեր երկրի ղեկավարի մասնակցութեամբ:
Համաժողովին ներկայացուած են գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ դեղագործութեան, ՏՏ, զբօսաշրջութեան, անշարժ գոյքի ոլորտներու վերաբերեալ շնորհանդէսներ, Հայաստանի մէջո գործող օտարերկրեայ ընկերութիւններու յաջողուած պատմութիւններ, ներդրումային շարք մը նախագիծեր: