Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մոսկուայէն, ուր մեկնած էր մասնակցելու համար Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին։ Երէկ երեկոյեան, ժողովներու աւարտին, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին ընթրիք մը նախատեսուած էր Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ եւ ժողովականներու մասնակցութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ ինք առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն պէտք է ճամբայ ելլէր դէպի օդակայան՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան չմասնակցեցաւ այդ ընթրիքին։
Մեր զրոյցի ընթացքին ընտրեալ-տեղապահը դիտել տուաւ, որ բաւարարուած է եւ գոհ է ԳՀԽ-ի քննարկումներուն արդիւնքներէն։ Ըստ իրեն, ԳՀԽ որոշած է անհրաժեշտութեան պարագային Պոլիս ուղարկել բարձրաստիճան հոգեւորական մը՝ որպէս ներկայացուցիչ։ Այդ որոշման գործադրութիւնը թողուած է Վեհափառ Հայրապետի հայեցողութեան։ Այսինքն, ըստ յառաջիկայ օրերու զարգացումներուն՝ Նորին Սրբութիւնը պիտի կարենայ նշանակել բարձրաստիճան եկեղեցական մը եւ զայն ուղարկել Պոլիս՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կացութեան։
Բաց աստի, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց, որ ինք կը հետեւի նաեւ Իսթանպուլի իրադարձութիւններուն ու տեղեակ է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ձեռնամուխ եղած է աշխատանքի եւ յառաջիկայ օրերուն իր կողմէ նախատեսուած կարգ մը շփումներու արդիւնքով կարելի պիտի ըլլայ յարաբերաբար աւելի յստակ պատկերացնել ամէն ինչ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ Մոսկուայէն անցաւ Քէօլն, ուր Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանէն ներս այս օրերուն ունի նախատեսուած շարք մը կարեւոր հանդիպումներ։