ԱՄՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումով սկսած գործընթացը այս շրջանին կ՚արդարացնէ բոլոր մտահոգութիւնները։ ԱՄՆ վերջերս Երուսաղէմ տեղափոխել սկսաւ իր դեսպանութիւնը եւ ստեղծուած հակազդեցութեան մթնոլորտին մէջ ալ, Կազզէէ ներս, Իսրայէլի զօրքերը կրակեցին պաղեստինցի ցուցարարներուն վրայ։ Բազմատասնեակ զոհեր եղան դէպքին հետեւանքով, հազարաւոր վիրաւորներով հանդերձ։

Այս ծանր ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիա մահմետական աշխարհը շարժման կ՚անցընէ ի նպաստ Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի մայրաքաղաք դառնալուն դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս կապակցութեամբ ՄԱԿ-ն ու միջազգային հաւաքականութիւնն ալ հրաւիրեց կա-տարել իր օրինական պատասխանատուութիւնները։

Երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ գագաթաժողովը, որու ընթաքին աշխարհին տրուեցան ամուր պատգամներ։ Բաց աստի, Ենիգաբուի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ Այս երկու փուլերուն ալ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթներով։ Իր խօսքերով՝ Իսրայէլ կ՚ընէ վայրենիութիւն եւ կ՚իրականացնէ պետական ահաբեկչութիւն։ «Միասնաբար պիտի պայքարինք՝ մոլեռանդ սիոնականներու Երուսաղէմը փուլ բերելու մտադրութեան դէմ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Իսրայէլի սիստեմաթիկ բարբարոսութիւններուն դէմ պէտք է ձայն բարձրացնել։ Ըստ Էրտողանի, Երուսաղէմ այնպիսի նուիրական սրբավայր մըն է, որ անկարելի է թողուլ Իսրայէլի քմահաճոյքին։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդը երէկ պախարակեց Իսրայէլը եւ որոշեց հետաքննութեան յանձնաժողով մը ստեղծել՝ վերջին դէպքերուն շուրջ։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018