ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՁԵՌԱԳՐԵՐ

Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն վերջին օրերուն համալրուեցաւ 27 արժէքաւոր ձեռագրերով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Երեւանի Մատենադարանին նուիրեց 14-20-րդ դարերէ մնացած 27 արժէքաւոր ձեռագրեր։ Այս վերջիններու շարքին կը գտնուին ծիսական գիրքեր, ժողովածոներ, Սաղմոսարան, Գանձարան, Աւետարան եւ այլն։ Նախընթաց օր Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս բոլորի յանձնման արարողութիւնը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ Մատենադարանը ցուցանմոյշներու ներկայացման սովորական վայր մը չէ։ Այնտեղ ազգային գանձարանը ոչ միայն կը պահպանուի, այլ նաեւ կ՚ուսումնասիրուի։ Այդ ձեռագրերը ցայսօր կը գտնուին Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ։ Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, որ անոնց յանձնման համար լաւագոյն առիթն է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի ներկայ յոբելեանը։

Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր-Վարդանեան հաւաքոյթի ընթացքին մատնանշեց, որ այս նուիրատուութիւնը կ՚առանձնանայ կարգ մը հանգամանքներով։ Արդարեւ, բոլոր ձեռագրերը զուտ հայերէն են եւ առաւելապէս միջնադարեան ձեռագրերու արժէքաւոր նմոյշներ կը հանդիսանան։

Իր կարգին, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն ալ մատնանշեց, որ վերջին 60-70  տարիներուն ընթացքին հաստատութիւնը իր ձեռագրական ժառանգութիւնը եռապատկած ու քառապատկած է։ Այս բոլորը եղած են նուիրատուներու, բարերարներու, ազգային կազմակերպութիւններու շնորհիւ։ «Ձեռագրահաւաքին մասնակցած են մեր բազմաթիւ հայրենակիցները աշխարհի զանազան անկիւններէն։ Եւ այդ բոլորը կեդրոնացուցած են ամենաապահով վայրին՝ Մատենադարանի մէջ։ Այստեղ այդ ձեռագրերը շատ ապահով ձեւով կը պահուին, ըստ անհրաժեշտութեան կը խնամուին եւ կը վերականգնուին։ Բաց աստի, անոնք կ՚ուսումնասիրուին լաւագոյն մասնագէտներու կողմէ», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018