ՎՍՏԱՀԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ վիճակագրութեան ոլորտը դուրս պէտք է ըլլայ քաղաքական քոնժոնքթիւրի ազդեցութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան վերջին ժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ համարեց յաչս հանրութեան բարձրացնել պաշտօնական վիճակագրութեան վստահելիութեան մակարդակը։

Նախարարաց խորհուրդը ընդունեց որոշում մը՝ Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի նախագահի եւ Հայաստանի Վիճակագրութեան պետական խորհուրդի անդամներու նշանակման մասին՝ վեց տարուան ժամկէտով։

«Մենք պէտք է լրջօրէն աշխատինք՝ Վիճակագրական կոմիտէի եւ ընդհանրապէս Հայաստանէ ներս պաշտօնական վիճակագրութեան վստահելիութեան մակարդակը յաչս հանրութեան աւելցնելու համար, որովհետեւ սա չափազանց կարեւոր հարց մըն է։ Գործող օրէնսդրութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը յուշեն, որ վիճակագրական ոլորտը պէտք է դուրս ըլլայ քաղաքական ազդեցութենէ եւ մեր կառավարութիւնը մտադիր է այս իսկ խնդիրը լուծելու», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018