ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՄԸ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն մին ենթարկուած է ծայրայեղական երիտասարդներու յարձակման։ Երբ ամբողջ աշխարհ Երուսաղէմի արիւնալի իրադարձութիւններուն կը հետեւի, այս լուրն ալ, անշուշտ, կարելի չէ անուշադրութեան մատնել։ Ըստ Սուրբ Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Տ. Արբակ Աբեղայ Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներ յարձակած են՝ Սուրբ Յարութեան տաճարի ճամբուն վրայ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը խստիւ դատապարտած է այս դէպքը։

Տ. Արբակ Աբեղայ Սարուխանեան, որ վիրաւորուած է յարձակման հետեւանքով, անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր անհրաժեշտ դարմանումը ստանալէ վերջ արդէն դուրս եկած է։

Պատրիարքարանը պաշտօնապէս բողոք ներկայացուցած է ոստիկանութեան եւ այդ հիման վրայ յարձակումը իրականացուցած անձերէն երեքը ձերբակալուած է։

«Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը արդար քննութիւն կատարէ եւ յանցագործները պատժէ համաձայն օրէնքի, ապագային խուսափելու համար նման դէպքերու կրկնութենէն», նշուած է Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021