ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Կիրակի օրը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսը յայտ ներկայացուց մասնակցելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Նախ արձանագրեմ, որ 76-ամեայ գործիչը, եթէ ոչ ֆիզիքական, ապա քաղաքական առումով հաստատ «լաւ մարզավիճակի» մէջ է։ Այդ առումով ան նոյն Տէր-Պետրոսեանն է, որու հետ շփուած եմ շուրջ 30 տարի առաջ։

Քանի որ պարզ է, թէ Տէր-Պետրոսեանի դէմ ինչպէս պիտի քարոզեն իշխանութիւնները եւ Քոչարեանի կողմնակիցները («պա որ քո վախտ…»), ըսեմ, որ այդ «յիշեցումներուն» մէջ կ՚ըլլան նաեւ ճիշդ արձանագրումներ։ Ես ալ իմ դժգոհութիւնները ունիմ առաջին նախագահի գործունէութենէն՝ յատկապէս այն ժամանակահատուածէն, երբ ան արմատական ընդդիմութիւն էր եւ տուրք կու տար իր կողմնակիցներու ակրեսիւ, ղժղժան ոճին, հաւատաքննչական անհանդուրժողութեան, «ով մեզի հետ չէ, ան տականք է» կարգախօսին։ Մէկ խօսքով, կը խրախուսէր նիկոլականութիւնը։

Բայց ինչ ըրած է, ինչ չէ ըրած Տէր-Պետրոսեանը՝ այս պահուն ինձ համար բացարձակապէս էական չէ։ Կարեւոր է, թէ ան ինչ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ իր քաղաքական ուժի՝ ընտրութիւններուն մասնակցութեամբ։ Իմ պատկերացմամբ, մեր երկրին մէջ հիմնական ընտրազանգուածը բաժնուած էր երկու մասի.

1- Ցած կրթութիւնով եւ/կամ ցած իմացականութիւնով, կեանքի մասին առասպելաբանական պատկերացումներով քաղաքացիներ, որոնց առանձնապէս չեն հետաքրքրեր կորուստները, պետականութեան գահավիժումը, իսկ միակ մտավախութիւնը այն է, որ «նախկինները չվերադառնան» (Փաշինեանի ընտրազանգուած)։

2- Ներկայ իշխանութենէն այս կամ այն պատճառով դժգոհ, նեղացած, վիրաւորուած, երբեմն նաեւ ստորացուած մարդիկ, որոնք կ՚երազեն այն պահը, երբ կու գան իշխանութեան եւ կը լուծեն «անձնտուութեան» եւ «դաւաճանի» հարցերը (Քոչարեանի ընտրազանգուած)։

Բայց կայ ընտրողներու հատուած մը, զոր հնարաւոր չէ նոյնականացնել այս երկու խումբերուն հետ։ Այդ քաղաքացիները քաջ կը գիտակցին, թէ ինչ աւերներ գործած է Փաշինեանի իշխանութիւնը, բայց կը փափաքին, որ նոր իշխանութիւնը ոչ թէ զբաղի «հաշիւներ մաքրելով» (ինչպէս որ Քոչարեան վարուած է 1998-ին, իսկ Փաշինեան՝ 2018-ին), այլ ամրապնդէ մեր երկրի անվտանգութիւնը, պետականութիւնը, բանակը, երկիրը հանէ խոր տնտեսական ճգնաժամէ։ Չեմ գիտեր, թէ այդ խումբը որքան մեծ է, բայց այդ մարդիկ ունին երկու հնարաւորութիւն՝ կա՛մ ձայնը տալ այլ ուժի մը, որ բացայայտ կամ թաքնուած փաշինեանական կամ քոչարեանական չէ, կա՛մ ընդհանրապէս չերթալ ընտրութիւններու։ Երկրորդ տարբերակը ամենավատն է։ Հայ ազգային քոնկրէսը այն ուժերէն է, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ առաջին տարբերակին։

*

Կը կարծեմ, շատեր կը համաձայնին, որ այսօր մեր պետութեան վիճակը ծայրայեղ ծանր է։ Նոյնիսկ ինչ-որ իմաստով աւելի ծանր է, քան 90-ականներու սկիզբին։ Այո, մարդիկ վառելանիւթի հերթ չեն սպասեր, այգիներու մէջ ծառեր չեն կտրեր՝ տաքնալու համար, երեկոները մոմի լոյսին տակ չեն նստիր։ Բայց այն ժամանակ քիչ թէ շատ պարզ էր, թէ ինչու մենք մեր վրայ վերցուցած ենք այդ բեռը եւ որ ուղղութեամբ պէտք է շարժուինք։ Այսօր պետական կառոյցները աւելի վատ վիճակի մէջ են, աւելի անարդիւնաւէտ կ՚աշխատին, քան «ցուրտի-մութի» ժամանակ. ներկայ քաղաքական իշխանութիւնը չի կարողանար զանոնք (ներառեալ բանակը) ղեկավարել եւ այս իսկ բանին համար շեշտը կը դնէ ակրեսիւ քարոզչական հռետորաբանութեան վրայ։ Իսկ հասարակութեան մէջ կը գերիշխէ յուսահատութիւնն ու անտարբերութիւնը՝ հակառակ որոշներու մօտ պահպանուած է յեղափոխական հրճուանքը եւ առաջնորդի նկատմամբ բուռն երկրպագութիւնը։

Այս ամէնը տեսնելով՝ շատեր նոյնիսկ կ՚ըսեն՝ ալ ի՞նչ ընտրութիւններ, երկիրը այս վիճակին մէջ է։ Բայց ո՞րն է ընտրութիւններու այլընտրանքը։ Անցեալ կէս տարին ապացուցեց, որ արմատական ընդդիմադիրները, որոնք փողոցի մէջ ցոյցեր կ՚ընէին, չէին կարողանար հաւաքել այնպիսի զանգուած մը, որ կը ստիպէր Փաշինեանը հրաժարական տալու։ Եւ պատճառն ալ պարզ է. ոչ բոլոր մարդիկ, որոնք կը հասկնան, թէ ինչ աղէտ պատճառած են ներկայ իշխանութիւնները, պատրաստ էին կանգնիլ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողքին։ Այսպէսով, եթէ չըլլային արտահերթ ընտրութիւններ, ապա անոնք տեղի պիտի ունենային 2023 թուականի դեկտեմբերին։ Բայց մի զարմանաք՝ ես կը կարծեմ, որ նոյնիսկ եթէ այս արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունենան, 2023-ին կամ նոյնիսկ աւելի շուտ կրկին ընտրութիւններու առջեւ պիտի կանգնինք։

Բեմագրութիւնը, իմ կարծիքով, մօտաւորապէս հետեւեալը կ՚ըլլայ։ Այս ընտրութիւններուն իշխանութեան գլուխ գտնուող քաղաքացիական պայմանագիրը ունի ձայներու մօտաւորապէս երեսուն տոկոսը։ Այսինքն՝ Հայաստանի մէջ աւելի քան 100 հազար ընտրող առաջուայ նման կը կարծէ, թէ Փաշինեան, եթէ ոչ Աստուած է, ապա՝ հրեշտակ։ Եթէ ընտրողներու մասնակցութիւնը ըլլայ ցած (կարծես թէ, այդպէս կ՚երթայ), ապա այդ 30 տոկոսը կը դառնայ 40։ Վարչական միջոցները գումարած՝ կը մօտենայ բաղձալի 50-ին։ Եթէ յանկարծ ինչ-որ տոկոսներ պակսին, ապա «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ ցած տոկոսով կը մտնէ խորհրդարան, լիովին բաւարար է՝ իշխանական համախոհութիւն մը ստեղծելու համար։ Այսպէսով, կրնամ կանխատեսել, որ այս անգամ Փաշինեանի իշխանութիւնը կը վերարտադրուի։ Այս բանին պիտի նպաստէ նաեւ այն հանգամանքը, որ ընդդիմադիր ուժերը, ուզեն թէ չուզեն, պիտի քարոզեն իրարու դէմ, անոնց դէմ պիտի աշխատին նաեւ ընտրութիւններուն մասնակցելիք (եւ, բնականաբար, ընտրուելու որեւէ շանս չունեցող) մանր փաշինեանական կուսակցութիւնները։ Բայց այս ընտրութիւններով ոչինչ պիտի աւարտի։ Իշխանութեան վերարտադրութեան պարագային պետութեան եւ բանակի կազմալուծումը եւ անոր համաչափ՝ հակառակորդի ոտնձգութիւնները պիտի շարունակուին։ Այդ պայմաններուն ներքեւ հաւանականութիւնը շատ քիչ է, որ Փաշինեան իշխէ եւս հինգ տարի։ Անկայունութիւնը պիտի պահպանուի եւ հասարակութեան լարուածութիւնը պիտի չթուլանայ, իշխանութեան օրինականութիւնը պիտի ըլլայ զուտ ձեւական։ Այնպէս որ կ՚ըլլան նոր արտահերթ ընտրութիւններ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի վերջին երկու օրերու խմբագրականներու

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021