Չորեքշաբթի 15, Յունուար 2025
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին վաղը կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։ Բացի Միշուսթինէն, Ռուսաստանի կառավարութեան այլ անդամներ եւս կը հիւրընկալեն Ատրպէյճանի վարչապետը։
Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ գան Մոսկուա-Պաքու համագործակցութեան հարցեր եւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021