ԱԱԾ-Ի ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՔԱՅԼԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան Դիմատետրի էջին վրայ գրառում մը կատարելով կ՚անդրադառնար Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի առանձնատան մէջ տեղի ունեցած խուզարկութեան։ «Անկախ այն զգացումներէն, որոնք կը յառաջացնեն Մանուէլ Գրիգորեանի առանձնատան մէջ տեղի ունեցած խուզարկութեան նկարահանումները, օրինականութիւնը այլընտրանք պիտի չունենայ։ Իսկ նախկին, եւ ինչու չէ, ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՚ընեմ համագործակցիլ նոր իշխանութիւններուն հետ։ Պատմեցէք ձեր եւ ձեր մերձաւորներու յանցագործութիւնները, քանի տակաւին ունիք այդ հնարաւորութիւնը», կը գրէր ան։

Կիրակի երեկոյեան ամբողջ Հայաստան կ՚ապրէր «շոք»ի պահեր։ Երկար տարիներու կտրուածքով, որպէս Արցախի հերոս ճանչցուած զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի Արմաւիրի մարզի Արշալոյս գիւղը գտնուող առանձնատան պահեստներուն մէջ յայտնաբերուած էին՝ մեծ քանակութեամբ զինամթերք, փամփուշտներ եւ արժէքաւոր ինքնաշարժերու հաւաքածոյ մը։ Այս բոլորը անշուշտ մեծ զարմանք չէին առթեր, ինչքան 2016 տարուան Արցախեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ճակատի վրայ գտնուող զինուորներուն համար հաւաքուած զանազան տեսակի ուտելիքներն ու նպարեղէնի սնտուկները։

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) միաւորներուն ձեռամբ կատարուած այս «յայտնաբերում»ը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէր վարչապետ Փաշինեանի մէկ ամսուան կառավարութիւնը։ ԱԱԾ հրապարակած տեսանիւթով նաեւ կը տեղեկացնէր, որ եղածին մասին հանդէս պիտի գայ աւելի հանգամանալից հաղորդագրութեամբ։

Մանուէլ Գրիգորեանի անցած ճանապարհին մասին խօսելէ առաջ պէտք է յստակեցնել, որ այսօր Հայաստան մտած է նոր քաղաքական փուլ մը, որ լեցուն է մեծ ու փոքր վտանգներով։ Ամենէն լուրջ վտանգը, որուն պէտք է բաց աչքերով նայիլ յատկապէս վարչապետ Փաշինեանի քաղաքական կեանքին համար առկայ երեւելի եւ աներեւոյթ սպառնալիքներն են, որոնք կրնան լուրջ դառնալ եւ տապալել «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ամբողջ գործընթացը։

Վերադառնալով կատարուած բացայայտումին՝ կարելի է ըսել, որ ԱԱԾ-ի հրապարակած տեսանիւթը դեռ երկար ժամանակ ցնցումի մէջ պիտի պահէ Հայաստանի հասարակութիւնը: Խնդիրը շատ աւելի բազմաշերտ է, քան կը թուի ըլլալ առաջին հայեացքով. զինուորէն, բանակէն անխնայ, ագահաբար թալանած է մէկը, որ Արցախի հերոս է եւ որուն անունը երկար տարիներ զուգորդուած է պատերազմի յաղթանակի, երկրապահութեան հետ:

ԱԱԾ-ի հրապարակած տեսանիւթին մէջ չկայ հերոսականութեան, վեհութեան որեւէ նշոյլ. կ՚երեւի միայն թալանիչ, գիշատիչի կերպար: Անասելի հոգեբանական հարուածին, ցնցումին չդիմացաւ նոյնիսկ ամէն ինչին տեղեակ Էջմիածնի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան, որու հրաժարականը նման էր փախուստի. ո՛չ միայն ու ոչ այնքան պաշտօնէն, որքան՝ հարազատ հօր ըրածէն, իրականութենէն, պատասխանատուութենէն:

Դէպքէն ժամեր անց Դիմատետրով այլ ուշագրաւ գրառումով մը հանդէս կու գար Ազգային ժողովի մէջ վերջերս մեծամասնական ուժ ըլլալէ դադրած ՀՀԿ-ի երեսփոխաններէն՝ Արմէն Աշոտեան, որ կը գրէր. «Եթէ ապացուցանէք, որ մեղադրանքները ճիշդ են, սա ինծի համար անձնական խոր ողբերգութիւն կ՚ըլլայ։ Չեմ ուզեր, որ խախտուի անմեղութեան կանխավարկածը, ոչ ալ քաղաքական գնահատականներ հնչեն ի յայտ եկած նոր հանգամանքներուն շուրջ։ Խնդիրը այլեւս բացառապէս իրաւական դաշտի մէջ է»։ Աշոտեանի հրապարակումը նաեւ ցոյց կու տար, որ ՀՀԿ-ի մէջ կը գիտակցին, թէ Մանուէլ Գրիգորեանի երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկումը հաւասարազօր պիտի ըլլայ քաղաքական ինքնասպանութեան: Հարկ է նշել, որ Հայաստանի աւագ դատախազը երէկ արդէն համապատասխան միջնորդութիւն ներկայացուցած է խորհրդարանին։ Այսօր Ազգային ժողովը օրակարգի վրայ կ՚ունենայ այս հարցը։ Մինչ այդ, Մանուէլ Գրիգորեանն ալ ՀՀԿ-ականներուն կոչ ուղղած է, որպէսզի քուէարկեն զինքը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու ի նպաստ։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ «ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»

Մանուէլ Գրիգորեան Արցախի հերոս է: Այս բանը ոչ մէկը, ոչ ոք կը վիճարկէ։ Այս հանգամանքը չէ վիճարկուած նաեւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ։ 1999 թուականին համազգային առումով ողբերգական ահաբեկչութեան մը զոհ դարձած Վազգէն Սարգսեանն ալ լաւ ըմբռնած էր, որ զօրավար Մանուէլը իսկապէս հերոս եղած է՝ հեռու իշխանութենէն եւ անոր վայելքներէն, պատերազմի դաշտի վրայ յաղթած առաջնորդ, որպէս Երեւանէն հարիւրաւոր քիլօմեթրեր հեռու՝ առաջին բանակային ջոկատի հրամանատար։ Վազգէն Սարգսեանի ժամանակ Մանուէլ չէր յանդգներ Էջմիածնի մէջ նման ապարանք ու հանգստեան գօտի ունենալ, ան նոյնիսկ «Ճիփ» չունէր, պատգամաւորական պաշտօնի, Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահի պաշտօնի մասին չէր մտածեր: Շատեր կ՚ըսեն, որ սպարապետը կը գնահատէր Մանուէլի ներդրումը պատերազմի ընթացքին, բայց երեւի բոլորէն լաւ գիտէր անոր հնարաւորութիւններու սահմանը եւ զինքը հեռու կը պահէր իշխանութենէն ու Երեւանէն:

27 Հոկտեմբեր 1999-ի ողբերգութենէն ետք քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ կը կատարուէին Հայաստանի մէջ։ Այդ փուլին էր նաեւ, որ Մանուէլ Գրիգորեանին կը վստահուէր կարեւոր դեր մը՝ ԵԿՄ-ն ղեկավարելու պաշտօնը ու մինչեւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական տալը ան կը համարուէր ՀՀԿ-ի «մարտական թեւ»ը համարուած ԵԿՄ-ի գլխաւոր դէմքը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այս բոլոր դէպքերու լոյսին տակ երէկ (Երկուշաբթի) Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը գումարէր արտակարգ նիստ մը, որու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Հայ ժողովուրդը ցնցուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բացայայտումներով, մենք գործ ունինք երրորդ հանրապետութեան ամենամեծ կաշառակերութեան երեւոյթին հետ։ Տեղեակ էք իրադարձութիւններէն, թէ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող տարածքներէն ներս խուզարկումներ տեղի ունեցած են եւ առանց ոեւէ մէկու անմեղութեան կանխավարկածը խախտելու՝ կ՚ուզեմ արձանագրել, որ մենք գործ ունինք երրորդ հանրապետութեան ամենալայնածաւալ փտածութեան երեւոյթին հետ: Ցնցիչ են բացայայտումները հայ հանրութեան համար: Երէկ շնորհակալութիւն յայտնած եմ ԱԱԾ-ի տնօրէնին եւ խնդրած եմ շնորհակալութեան խօսքեր փոխանցել այն աշխատակիցներուն, որոնք մշակած եւ իրականացուցած են այս գործողութիւնը։ Այս աշխատանքի ընթացքին մենք նաեւ որոշ խնդիրներ եւ օրակարգ ձեւակերպած ենք, ինչ որ կը վերաբերի իրաւապահ համակարգի համագործակցութեան խնդիրներուն: Յառաջիկայ օրերուն խորհրդակցութիւն մը կը նախատեսեմ այս նիւթով՝ որպէսզի մենք այս հարցին մէջ որոշ յստակեցումներ ապահովենք եւ զարգացնենք իրաւապահ համակարգի համագործակցութեան մակարդակը: Յոյս ունիմ, թէ այս գործի քննութիւնը կ՚ընթանայ պատշաճ մակարդակով: Գործը յանձնուած է Յատուկ քննչական ծառայութեան, ես յոյս ունիմ, թէ քննութիւնը կ՚ընթանայ պատշաճ մակարդակով եւ Աւագ դատախազութիւնը կ՚ապահովէ քննութեան պատշաճ մակարդակը: Ըսեմ, որ ինչպէս ես, այնպէս ալ հայ հանրութիւնը չի տեսներ որեւէ խոչընդոտ՝ որպէսզի այս գործի բոլոր մասնակիցները բացայայտուին եւ կանչուին պատասխանատուութեան, անկախ անոնց կոչումներէն, կարգավիճակներէն եւ այլ յարակից հանգամանքներէ: Այս գործը պէտք է բացայայտուի մինչեւ վերջ եւ ինչպէս միւս բոլոր դէպքերու պարագային՝ որեւէ արգելք կամ խոչընդոտ չկայ ու չի կրնար ըլլալ»։

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՓՈՒԼԸ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԸԼԼԱԼ

Կասկածէ վեր է, թէ Մանուէլ Գրիգորեանի «գործ»ին բացայայտումէն եւ անոր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկուելէն ետք քաղաքական նոր փուլ մը ընթացք պիտի առնէ Հայաստանի մէջ։ Յիշեցման կարգով պէտք է նշել, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ամենէն «թէժ» օրերուն Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ վրէժի մթնոլորտ պիտի չըլլայ։ Սակայն այսօր յստակ է, որ երկիրը յայտնուած է այլ փուլի մը մէջ։

Իրադարձութիւնները այնքան արագ կը զարգանան, որ նոյնինքն Փաշինեան անկարող է ձեռնածալ մնալ ու դիտել եղածները։ Ճի՞շդ է արդեօք, որ Գրիգորեանի «գործ»ը այս փուլին բացուեցաւ կամ ո՞վ կրնայ ապահով խօսք մը տալ, թէ այս խնդիրը շաղկապուած չէ շատ աւելի բարդ գործընթացներու հետ, որոնք իսկապէս կրնան ցնցումի տանիլ Հայաստանը։

Երկրին վարչապետը կը խօսի համաժողովրդային նեցուկի տիրոջ դիրքերէն, ան այս «գործ»ի յաջողութեան եւ Հայաստանի մէջ անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման համար պատրաստ է նոյնիսկ իր կեանքը տալ։ Այլապէս ալ գիտենք, որ բաւական վտանգաւոր մօտեցումներու մասին է խօսքը։ Պիտի ըլլա՞ն մարդիկ, որոնք այս «դառն բաժակ»ը հեռու պահեն Հայաստանէն կամ նոյնինքն վարչապետ Փաշինեան պիտի կարողանա՞յ «գլուխ հանել» այս բազմաշերտ ու վերջին քսան տարիներուն Հայաստանը «արիւնագամ» ըրած ամենաթողութեան եւ կաշառակերութեան մթնոլորտէն։

Փաշինեանի տեսակէտէ առկայ խնդիրը հռետորական չէ ու ան համոզուած է, թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին պէտք է կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովուին ու վստահօրէն այդ ձեռքբերումները ընթացք պէտք է առնեն երկրի ամենէն նուրբ, ամենէն առաջնային ու անհրաժեշտ օղակներուն մէջ։

Փաշինեան առանձին չէ ու վտանգաւորը հետեւեալն է. եթէ անոր համաժողովրդային վարչապետ մը ըլլալու հանգամանքը ընկճուի կամ պարտուի, ապա Հայաստան շատ մեծ վնասներու կրնայ ենթարկուիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018