ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։ Պետական աւագանին ալ, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, հետամուտ եղած է համապատասխան խնդիրներու լուծման։

Տեղական մամուլէն զանազան թերթերու հաղորդումներով, անասուններու իրաւունքներու պաշտպանութեան գետնի վրայ կը նախատեսուի կղզիներէ ներս վերջ տալ ձիակառքերու օգտագործման։ Երկարաժամկէտ առումով կը նախատեսուի բոլորովին դադրեցնել ձիակառքերու օգտագործումը։ Կղզիներու պարագային այս ծրագրի առաջին փորձարկումները տեղի պիտի ունենան Գնալըի մէջ։ Ելեկտրական թեթեւ ինքնաշարժեր պիտի սկսին գործել Գնալը կղզիի մէջ։ 12 ուղեւորի տարողութեամբ 4 ելեկտրագործ մեքենաներ արդէն պատրաստ են՝ որպէսզի Գնալը կղզիի մէջ սկսին փորձարկումները։ Յառաջիկային կը ծրագրուի կղզիներու վրայ ամբողջութեամբ դադրեցնել ձիակառքերու օգտագործումը։

Իր կարգին, կղզիներու քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ եւս անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ըստ իրեն, կղզեբնակներու մէկ մասը որպէս աշխատանք կը քշէ ձիակառք, հետեւաբար այդ անձերը պէտք չէ տուժեն։  

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018