ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախապէս ապահովուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ Արմէն Սարգսեանի աշխատանքային այցելութիւնը սկսաւ երէկ։

Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութեան առաջին փուլը կը հանդիսանայ Լոնտոնը, ուր նախատեսուած են իր շարք մը հանդիպումները՝ պաշտօնական եւ անպաշտօն ձեւաչափով։ Ան կը հիւրընկալուի Պաքինկըմի պալատէն ներս։ Բաց աստի, որպէս Լոնտոնի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան՝ ան հրաժեշտի հանդիպումներ կ՚ունենայ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնէն կ՚անցնի Փարիզ, ուր կը մէկտեղուի Ֆրանսայի գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ՝ Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւնները ներկայացնելու եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով։ Փարիզի մէջ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային հանդիպում մը կ՚ունենայ նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Կը քննարկուին 7-12 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս գործարար համաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։

Արմէն Սարգսեան 26 Յունիսին կը մեկնի Ուաշինկթըն, ուր կը մասնակցի Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Սմիթսոնեան կաճառի տարեկան «Ազգային կեանք» փառատօնին, որ այս տարի ձօնուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Ուաշինկթընի մէջ Արմէն Սարգսեան ներկայ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ նախատեսուած է ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն ներս։

Նշեալ երկիրներէն ներս կեցութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան քաղաքավարական հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018