«ԹԻԹԱՆԻՔ»ԻՆ ՄԱՍԻՆ

«Թիթանիք» նաւու խորտակումէն գրեթէ 108 տարի վերջ աճուրդի հանուած է նաւը խորտակած սառցալերան լուսանկարը։

Սառցալերան սեւ ու սպիտակ լուսանկարը Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելէ առաջ լուսանկարուած է ուրիշ ուղեւորատար նաւու մը նաւապետին կողմէ՝ «Թիթանիք»ի խորտակումէն երկու օր առաջ։

SS Etonian նաւուն նաւապետը՝ Վուտ, ուշադրութիւն կը գրաւէր լուսանկարչութեան հանդէպ իր ունեցած սիրով եւ հսկայական սառցալեռը լուսանկարած է իր լուսանկարչական մեքենայով:

Յատկանշական է, որ ան նշած է աշխարհագրական տուեալները, որոնք գրեթէ կը համընկնին 40 ժամ վերջ «Թիթանիք»ին բախած սառցալերան աշխարհագրական տուեալներու հետ։

Վուտ, «Թիթանիք»ի խորտակման լուրը լսելով, իր մեծ հօրը ուղարկած է լուսանկարը, որուն վրայ կցած նամակին մէջ պնդելով, որ այդ սառցալեռը խորտակած է «Թիթանիք»ը։

Լուսանկարին վրայ ան սեւ թանաքով մակագրած է՝ «Սառցալեռը լուսանկարուած է նաւապետ Վուտի կողմէ՝ ապրիլի 12-ին, ժամը 4-ին»։

Վերջին 100-ամեակի ընթացքին ներկայացուած են սառցաբեկորներու մի քանի լուսանկարներ, որոնք լուսանկարուած են բախումէն առաջ եւ վերջ: Սակայն Վուտի՝ սառցալերան արտասովոր լուսանկարը, կարծես, ամբողջութեամբ նոյնն է ականատեսներու՝ «Թիթանիք» նաւը խորտակած սառցալերան նախագծումներու եւ նկարագրութիւններու հետ։

Լուսանկարն ու նամակը հիմա աճուրդով կը վաճառուի շուրջ 15 հազար ամերիկեան տոլարով։ 

«Թիթանիք»ը 1912 թուականի ապրիլի 14-ի երեկոյեան ժամը 22.20-ին բախած է սառցալերան եւ խորտակուած է երեք ժամ վերջ։ Քանի որ փրկամակոյկներու մէջ կային միայն նաւի վրայ գտնուողներու կէսը տեղաւորելու չափ տեղեր, անոնց մէջ առաջին հերթին տեղաւորուեցան կիներն ու երեխաները։ Ապրիլի 15-ին՝ ժամը 2.20-ին, երկու մասի բաժանուած «Թիթանիք»ը խորտակուեցաւ՝ խլելով 1496 անձերու կեանքը: 712 փրկուած մարդոց օգնութեան հասաւ «Քարփաթիա» շոգենաւը։ «Թիթանիք»ի բեկորները կը գտնուին ծովու 3750 մեթր խորութեան տակ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020