ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐԱՀԱՍԱԿ ՇՈՒՆԸ

Աշխարհի ամենաբարձրահասակ շունը մրցանիշ մը եւս հաստատած է ու եղած՝ աշխարհի ամենատարեց գերմանական շունը։

Աշխարհի ամենաբարձրահասակ շունը, որու հասակը երբ կը կանգնի ետեւի թաթերուն վրայ՝ կը հասնի 2.1 մեթրի, իր ութամեակը բոլորելէ վերջ համաշխարհային մրցանիշ մը եւս սահմանած է. ան աշխարհի մէջ ապրող ամենատարեց գերմանական շունն է։

Ան կը կոչուի Ֆրետի, որուն տիրուհին՝ Անգլիոյ Նորֆոլքի բնակչուհի Քլեր Սթոունմըն, կենդանիի ծննդեան տօնին կապակցութեամբ կազմակերպած է մեծ խնջոյք մը։

Ան պատմած է, որ Ֆրետին եւ անոր կրտսեր քոյրը՝ Ֆլիոռին, տուն բերած է, երբ անոնք ձագուկներ էին: Կինը նշած է, որ առաջին օրէն գիտէր, թէ շուները շատ պիտի մեծնան, քանի որ անոնք կը պատկանէին գերմանական «տոկ» ցեղատեսակին, սակայն ան չէր կրնար պատկերացնել, որ Ֆրետին «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ տեղ պիտի գրաւէր։ 

«Մարդիկ վախի կ՚ենթարկուին, երբ կը տեսնեն այս ահռելի շուները, անոր համար ես զանոնք դուրս կը հանեմ առաւօտեան շատ կանուխ, որպէսզի մարդիկ զանոնք չտեսնեն», ըսած է Սթոունմըն:

Ան նշած է, որ միայն Ֆրետիի սնունդին համար ամսական կը ծախսէ շուրջ հազար տոլար։

«Ֆրետին շատ շփացած է եւ ամէն ուզածը կ՚ընէ։ Ես երեխայ աշխարհ չեմ բերած, որովհետեւ Ֆրետին եւ Ֆլիոռին իմ երեխաներն են», ըսած է անոնց տիրուհին։  

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020