ԱՌԱՆՑ ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒ ՃԱԳԱՐԸ

Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի բնակչուհի 35-ամեայ Քայլի Քլարք ճագարներու բուծմամբ կը զբաղի։ Մէկ ամիս առաջ անոր ճագարներէն մէկը ծննդաբերութիւն ըրաւ, սակայն ձագերէն մէկը առանց ականջներու ծնաւ։

Սկիզբին Քայլի Քլարք շատ մտահոգուեցաւ փոքրիկ ճագարի համար՝ կարծելով, թէ կենդանին երկար չ՚ապրիր։ Սակայն ճագարը իր նմաններուն պէս մեծցաւ ու աճեցաւ։

«Երբ քիչ մը մեծցաւ, հասկցանք, որ անսովոր գեղեցիկ ու նրբիկ է, այդ պատճառով ալ որոշեցինք զայն մեր մօտ պահել։ Անունը Լէօ դրինք, քանի որ ականջներու բացակայութեան արդիւնքին փոքր առիւծի կը նմանի», ըսաւ Քլարք։

Կենդանասէր կինը նշեց, որ չեն հասկցած, թէ պատճառը ի՞նչ է կենդանիի այս վիճակին, սակայն Լէօն լիովին առողջ է։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020