ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան եւ Սերպիա կը ծաւալեն սերտ համագործակցութիւն։ Երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Արմէն Սարգսեանի եւ Ալեքսանտր Վուչիչի անմիջական շփումներուն հիման վրայ՝ Պելկրատ այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Երեւանին։

Երէկ, Սերպիոյ օդային ընկերութեան սաւառնակ մը յատուկ թռիչքով Հայաստան հասաւ՝ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրելու համար։ Այսօր եւս կը նախատեսուի Սերպիայէն դէպի Հայաստան նոր օդանաւի մը վայրէջքը՝ նոյնպէս մարդասիրական օժանդակութեան նպատակով։

Այս օժանդակութիւնները կ՚ընդգրկեն բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Սերպիոյ կողմէ կատարուած այս մեծածաւալ օժանդակութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Էմիլ Տարասեան այս առթիւ ըսաւ. «Այն, ինչ որ բերուած է այսօր ու կը բերուի վաղը, առաջնային նշանակութիւն ունի Հայաստանի առողջապահական համակարգին համար»։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020