ԿԸ ԽՈՐՀԻ՞Ք ՈՒՆԵՆԱԼ ՆՄԱՆ ՏՈՒՆ ՄԸ
Սպանիոյ Ալմերիա քաղաքի բնակիչ այր եւ կին մը կ՚ապրի վերամշակուած շիշերէ, կերպընկալէ ամաններէ, ինքնաշարժի հինցած անիւներէ եւ աղբէ կառուցուած տունի մը մէջ։
Լաուրա Տէյվիս եւ Տէյվիտ Պիւքենըն այս իւրօրինակ տունը սկսան կառուցել 2007 թուականին։ Թէեւ այսքան տարի անցած է, սակայն անոնք դեռ կը շարունակեն բարելաւել իրենց տունը։
Ի տարբերութիւն շատերու՝ ամենաժամանակակից սարքերով կամ նորագոյն փորձագիտութիւններով շինուած տուներու, զոյգի տունը, ըստ էութեան, կառուցուեցաւ թափօններէ։
Այդ այր եւ կինը իրենց տունը նախագծելու եւ կառուցելու համար աշխատեցան եօթ տարի։ Անոնք իրենց բնակարանը շինեցին վերամշակուած նիւթերէ. օրինակ՝ կերպընկալէ ամաններ, շիշեր, նետուած դուռներ, ինքնաշարժներու հինցած անիւներ, աղբեր…
Անոնք ըսին, որ նախագծած են տուն մը, որ իր մէջ կը պարփակէ այն բաները, որոնք անհրաժեշտ են մարդու ապրելու համար՝ սնունդ, ուժանիւթ, մաքուր ջուր, բնակարան եւ աղբահանութիւն։
Լաուրա Տէյվիս եւ Տէյվիտ Պիւքենըն չեն օգտուիր ելեկտրական ուժանիւթէ, այլ կ՚օգտագործեն արեւի ուժանիւթը եւ անձրեւի ջուրերը ու կ՚աճեցնեն իրենց անձնական սնունդը։