ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց վերջին օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին՝ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կատարուած խորհրդակցութեան կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ հաղորդումներ կատարած էին։ Անոնց լոյսին տակ երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան հանդէս եկաւ մեկնաբանութիւնով մը։ Այս կապակցութեամբ ան յայտարարեց հետեւեալը.

«Թուրքիոյ նախագահի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան արդարացման ու անոր զոհերը վիրաւորելու յայտարարութիւնները նոր չեն եւ կը հանդիսանան ատելութեան դրսեւորումներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան այդ երկրէն ներս հայերու հանդէպ այլատեացութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ամրապնդման վրայ։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը հայ-թրքական խնդիր մը չէ։ Սա Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան խնդիրն է։ Սա կը վկայեն Թուրքիոյ բազմաթիւ յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ։ Մեր եւ միջազգային հանրութեան համար իրողութիւն մըն է Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ նաեւ հիմք ծառայած է Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման 1948 թուականի պայմանագրի մշակման եւ այդ հիման վրայ ներկայիս ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման դրութիւններու հաստատման համար։ Ժխտողականութիւնը ապագայ չունի, անկախ՝ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը ծրարէ զայն։ Որքան որ ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ջանքեր գործադրեն ճնշելու ճշմարտութիւնը, յամենայնդէպս ճշմարտութիւնը հարթած է եւ պիտի հարթէ իր ճանապարհը»։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020