ՆՈՐ ԽԱՂԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Քաղաքական կեանքի մէջ պատահականութիւններ չկան։ Աւելի՛ն, Հայաստանի նման փոքր երկիրներու պարագային քաղաքական բոլոր անցուդարձերը, կամ անոնց մեծ մասը հաշուառուած են։ Հետեւաբար, հաշուառուած է նաեւ՝ երէկ հայկական մեծ օրակարգը «ոտից գլուխ ցնցած» Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատելու խնդիրը։ Կալանք, որ նախեւառաջ անհանգստացուցած էր Մոսկուան՝ տրուած ըլլալով, որ նախկին նախագահը փորձառու «խաղացող» մըն է ռուսերուն համար, նաեւ վստահելի գործընկեր մըն է՝ մանաւանդ այն պահերուն, երբ մեծ հաշուարկով ռուսական շահերը կը  վտանգուին Կովկասի մէջ, հիմնական «ֆորթփոսթ» համարուող հայկական եզերքին վրայ։

Այս իրադարձութիւնը, որ նաեւ «հարտ լաք» մը պիտի համարուի գործող իշխանութիւններուն համար, պայմանաւորուած չէ միայն դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի Քոչարեանի ի նպաստ տրուած վճիռով, ո՛չ ալ այդքան մեծագումար գրաւով (դրուած գրաւը կը կազմէ շուրջ 4.2 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչ որ ինքնին աննախադէպ երեւոյթ է Հայաստանի մէջ), այլեւ՝ քաղաքական բնոյթով, որովհետեւ Քոչարեանի դատը, ապա անոր կալանաւորումը նախեւառաջ ունէին քաղաքական բնոյթ։

Անշուշտ, այս առումով տակաւին վաղ է վերջնական եզրակացութիւններու յանգելու, սակայն, աւելի քան յստակ է, որ գրեթէ տարիուկէս առաջ իր վերադարձի «քաղաքական հայց»ը ներկայացուցած Ռոպերթ Քոչարեանին համար կը բացուի նոր փուլ մը, որ կրնայ ունենալ նոյնիսկ առանցքային հետեւանքներ։

Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ ընդհանուր միտում մը, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն համար Ռոպերթ Քոչարեանը որպէս «քաղաքական պատանդ» պահելու դրոյթը հասած է իր աւարտին։ Ասոր համար ալ, բնականաբար, նոյն իշխանութիւնները պարտաւորուած են ուրիշ եւ աւելի հետաքրքրական խաղ մը խաղալու։

Խօսքը, անշուշտ, ընդդիմադիր շուրջառով ճանապարհ ինկած Գագիկ Ծառուկեանի հետապնդման մասին է։ Յառաջիկայ ժամերուն ալ սա կրնայ կարեւոր զարգացումով աւարտիլ՝ յայտնի միլիառատէրը «տանելով» բանտի ճաղերու ետին։

Ճշմարտութիւն է, թէ Քոչարեանի հանդէպ այսօր անցեալէն եկած ատելութիւնը տակաւին կը շարունակուի, սակայն, Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, համավարակին ստեղծած պատկերը ու տակաւին վաղուան օրով սպասուած տնտեսական մեծ ցնցումները՝ կրնան Քոչարեանի պատկերը ձեւափոխել եւ զինք դարձնել երկրի ընդդիմութեան թիւ մէկ առաջնորդը։ Քոչարեան, որ ունի համախոհներու եւ յատկապէս գործիչներու մեծ ցանց մը, ի վիճակի է ընել այն բանը, որ չկարողացան ընել քաղաքական միւս բոլոր ուժերը՝ մանաւանդ, որ անոր դերին եւ ընելիքներուն հանդէպ ենթադրելի է ռուսական մեծ հաւանութիւն մը. բան մը, որու մասին զանազան առիթներով խօսած են Մոսկուայէն գլխաւոր դէմքեր, նոյնիսկ Ռուսաստանի առաջին դէմքը՝ Վլատիմիր Փութին։

Քաղաքական այս շերտէն անդին՝ ճշմարտութիւն է, որ Հայաստան երկիրը այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունի Ռուսաստանի նեցուկին՝ տրուած ըլլալով, որ Մոսկուայի թեթեւ ձեռքով Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ կ՚արտայայտուի դժգոհութիւն։ Սա զանազան առումներով կը խանգարէ երկրի իշխանութիւնը իր ձեռքին մէջ պահած Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբը՝ տեղ մը հաւանաբար կաղալու եւ անգործունեայ դառնալու մտահոգութեամբ։

Յետոյ կայ այլ կարեւոր փաստարկ մը եւս։ Կովկասեան տարածքաշրջանին մէջ ռուսական դերի կարեւորութեան եւ անփոխարինելիութեան խնդիրն է այս մէկը։ Արդարեւ, բոլորս ալ գիտենք (գուցէ նոյնիսկ Փաշինեանն ալ գիտէ, սակայն անոր շուրջ «ծաղկած» արբանեակները չեն գիտեր...), թէ առանց Մոսկուայի նեցուկին Հայաստան չի կրնար շնչել՝ ո՛չ միայն անվտանգութեան օրակարգով, այլեւ մանաւանդ եւ յատկապէս՝ տնտեսական եւ ընկերային երեսակներով։

Ո՛չ անոր համար, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը նախասիրութիւն մը ունի Արեւմուտքին կամ այս պարագային հեռաւոր հիւսիսի հարեւանին համար, այլեւ՝ անոր համար, որ մեծ խոստումներով «Թաւշեայ իշխանութիւններ»ը ողջունած ու անոնց արարքները զանազան առիթներով «խնկարկած» ամերիկացիք կամ նոյնիսկ եւրոպացիք Հայաստանի հետ գործակցութեան ոլորտին մէջ ո՛չ մէկ քայլով առաջ գացին, շատ հաւանաբար մտածելով ու հաւատալով, թէ «ան ռուսական գօտիի մէջ է» ու այնտեղ ներդրուելիք որեւէ դրամագլուխ ուշ կամ կանուխ անգոյ պիտի դառնայ։

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ է հետեւաբար, որ Ռոպերթ Քոչարեանի այս նոր վերադարձը թարգմանուի՝ իբրեւ ռուսական դիրքերու նոր ամրացում։ Անշուշտ, այն փուլին ալ Հայաստան կ՚ապրի ու դեռ ալ պիտի ապրի բաւական մեծ մարտահրաւէրներու ենթակայութեան տակ։

Այլ խօսք, թէ նոյնինքն Քոչարեան կրնայ հրաժարիլ իրեն ներկայացուած կամ վստահուած խաղէն, սակայն, երբեք պէտք չէ կասկածիլ, թէ անոր նոր վերադարձը ռուսական «կանաչ լոյս»ի մը արդիւնքն է։

Երբ երկրի հարցերդ, ներքին քաղաքական խմորումները, առկայ մարտահրաւէրները չկարողանաս դասակարգել, մէկ է՝ շրջանի ազդեցիկ տէրութիւնները պատրաստ են ընելու, իսկ այս պարագային նոյնինքն Ռուսաստանին համար առիթ ու ժամանակ չկայ երկմտելու, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ մեծ վերադարձ մը ապահոված Մոսկուան ո՛չ այսօր պատրաստ է, ոչ ալ վաղը պատրաստ պիտի ըլլայ՝ իր դիրքերը եւ ներկայութիւնը զիջելու Հայաստանի մէջ։

Սպասենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020