ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԹՕ ՕՔՍԱՅԵԱՆ
Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ Նիսի մէջ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, ֆրանսահայ ազգային գործիչ Արթօ Օքսայեան։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, 13 յունիսին ան երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ աչքերը փակած է կեանքին՝ 74 տարեկան հասակին։ Այս կորուստը խոր ցաւ պատճառած է՝ մանաւանդ Նիսի շրջանի հայութեան։
Արթօ Օքսայեան կեանքի ողջ ընթացքին եղած է պայքարի մարդ։ Ան բազում պայքարներ մղած է՝ ուրիշներու համար, պայքարած է օգնելու համար նեղ կացութեան մէջ յայտնուածներու կամ հասնելու համար այնպիսի մարդոց, որոնց նկատմամբ կեանքը անգութ գտնուած է։ Ան միշտ աշխատած է հայկական յիշողութիւնը վառ պահելու համար։ Երկար շրջան մը գլխաւորած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Նիսի, Քոթ տ՚Ազիւրի, Վառի եւ Մոնաքոյի ծուխի կրօնական ընկերակցութիւնը։ Ֆրանսայի հայոց թեմի հռչակումէն վերջ, ծնունդ առած ցաւալի պայքարի պայմաններուն ներքեւ միշտ մաս կազմած է այն ճամբարին, որ հաւատարմութիւն ցուցաբերած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։
Ի լրումն այս բոլորին, Արթօ Օքսայեան եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Քոթ տ՚Ազիւրի մասնաճիւղի փոխ-նախագահը։ Անդամակցած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի եւ Նիսի Հայկական մարզական ընկերակցութեան վարչութիւններուն։ Իր ծառայութիւններով յաջողած է գրաւել՝ մանաւանդ Նիսի շրջանի հայութեան բազում ներկայացուցիչներու սիրտը եւ իր սպասարկութիւնները բարձր գնահատուած են բոլորի կողմէ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր սիրելիներուն։