ՈՍԿԵԶՕԾ ՊԱՆԴՈԿ

Վիեթնամի մէջ բացուած է հինգ աստղանի պանդոկ մը, որու թէ՛ արտաքինը եւ թէ ներքնամասը պատուած է ձոյլ ոսկիով։ Այս արտասովոր շէնքին մասին կը տեղեկացնէ պանդոկի պաշտօնական կայքէջը։ Dolce Hanoi Golden Lake անունը կրող պանդոկը 25 յարկանի է եւ կը գտնուի Վիեթնամի մայրաքաղաքին՝ Հանոյիի կեդրոնական բաժնին մէջ։ Պանդոկին ներսի դռները, պատերը, առաստաղը, կարասիները եւ այլ իրեր, ինչպէս նաեւ ճակատի հատուածի որոշ մէկ մասը պատուած է ոսկիով։

Այս պանդոկի շինարարութիւնը տասը տարի տեւած է։ Անոր մէջ կայ 342 սենեակներ, որոնցմէ շատերուն կահոյքը, լոգարանները եւ նոյնիսկ զուգարանակոնքերը ոսկեզօծ են։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020