Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
Յայտնի դիւանագէտ Վոլքան Պոզքըր ՄԱԿ-է ներս կատարուած ընտրութեան արդիւնքով քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ապահովելով՝ ընտրուեցաւ Ընդհանուր ժողովի նախագահ։ Այսպէսով առաջին անգամ Թուրքիայէն ներկայացուցիչ մը պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։ Կազմակերպութեան անդամ 192 երկիրներէն 178-ը ձայն տուած է Վոլքան Պոզքըրին։
Յառաջիկայ սեպտեմբերին պիտի սկսի Վոլքան Պոզքըրի պաշտօնավարութիւնը, որու ժամկէտը տարի մըն է։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանը պիտի համընկնի ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 75-ամեակին։
Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Իր կարգին, Վոլքան Պոզքըր նշեց, որ արդիւնքը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ վայելած հեղինակութիւնը։
Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020