ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՐ ՅԱՏՈՒԿ ԿՕՇԻԿՆԵՐ

Քորոնաժահրի համավարակին դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու իշխանութիւնները տնօրինած են նոր կարգադրութիւններ. դիմակ կրել, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանել եւ ձեռքերը միշտ եւ ուշադրութեամբ լուալ։ Մարդիկ, սակայն, միշտ ուշադրութիւն չեն ըներ ընկերային հեռաւորութեան կանոնին։

Ուստի, ռումանացի կօշկակար մը ընկերային հեռաւորութեան պահպանման համար յատուկ կօշիկներ ստեղծեց։ Ռումանացի կօշկակար՝ Կրիկոր Լուփի նկատելով, որ մարդիկ չեն հետեւիր անվտանգութեան կանոններուն, որոշեց ստեղծել այնպիսի կօշիկներ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանել ուրիշներէն:

Կրիկոր Լուփի ստեղծեց կաշիէ ահռելի մեծ կօշիկներ 75 թիւ ոտքերու համար։ Անոր մէկ զոյգը կ՚արժէ 115 ամերիկեան տոլար: Լուփի մինչեւ հիմա ստացաւ հինգ պատուէր:

Երբ կօշիկներու լուսանկարները տարածուեցան համացանցի մէջ, օգտատէրերու մէկ մասը շատ հաւնեցաւ այս գաղափարը, մինչդեռ ոմանք ալ զայն «անհեթեթ» որակեցին:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020