ՄՆԱ՞Լ, ԹԷ ԵՐԹԱԼ

Վաղը Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն նախատեսուած է։ Կ՚ակնկալուի, որ յետպատերազմեան ծանր հետեւանքներու զուգահեռ ծնունդ առած քաղաքական լուրջ տագնապը հարթուի այս ընտրութիւններու շնորհիւ։ Յամենայնդէպս, այժմէն գրեթէ յայտնի է, որ ստեղծուած պայմաններու տրամաբանական շարունակութեամբ՝ երաշխաւորուած չէ երկրի երկնակամարէն սեւ ամպերու քշուիլը։ Լրջօրէն հաւանական է, որ վաղուայ ընտրութիւնը բաւական չդառնայ Հայաստանը տագնապէ դուրս բերելու եւ պետութեան գոյութիւնը երաշխաւորելու առումով։

Վաղուայ ընտրութիւնը, առաջին հերթին, պիտի վճռէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ճակատագիրը։ 2018 թուականի յեղափոխութիւնով իշխանութեան տիրացած Փաշինեան երեք տարուայ ընթացքին աներեւակայելի անկումի մը հասցուցած է երկիրը։ Հակառակ պատերազմի ծանր պարտութեան, ամիսներէ ի վեր ան իր ամբոխավար խօսոյթով հաշուարկած է պահել իշխանութիւնը եւ իր հաշուարկները միշտ արդարացած են։ Անշուշտ, իր տեսակէտէ բեկումնային պահը պիտի ըլլայ վաղը։ Մնա՞լ, թէ երթալ… Մինչեւ վերջին պահը բուռն քարոզարշաւ իրականացուցած Փաշինեանի տեսանկիւնէն այս հարցումին պատասխանը վաղը պիտի յստականայ՝ մինչ իր իշխանութիւնները ամէն ճամբու կը դիմեն՝ ընտրութեան մէջ առաւելութեան հասնելու համար, ներառեալ ընդդիմադիր երեսփոխանի թեկնածուներու վերջին պահու ձերբակալութիւնները։

Հետաքրքրական է, որ անցեալ երեսուն տարիներուն Հայաստանը ղեկավարած չորս գլխաւոր դէմքերն ալ կը մասնակցին վաղուայ ընտրութեան։ Ընդհանուր առմամբ, 26 դաշինք կամ կուսակցութիւն պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն եւ անոնցմէ 17-ը կը բացառէ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հետ ընտրութիւններէն վերջ համախոհութիւն կազմել։ Այս ամբողջին մէջ կայ 4 դաշինք եւ 22 կուսակցութիւն։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական տուեալներով, ընտրողներու ընդհանուր թիւն է 2 միլիոն 583 հազար 823։

Ըստ հրապարակուած վերջին հարցախոյզերուն, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը կը թուի ըլլալ առաջին հորիզոնականի վրայ՝ 28.7 տոկոսի զօրակցութեան համեմատութեամբ։ Կը հետեւի Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը՝ 25.2 տոկոսով։ Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խրախուսած եւ թեկնածուներու ցուցակը Արթուր Վանեցեանի կողմէ գլխաւորուած «Պատիւ ունիմ» դաշինքը այժմու կանխատեսումներով ունի ընտրողներու 10.8 տոկոսի զօրակցութիւնը եւ կը զբաղեցնէ երրորդ հորիզոնականը։

Այժմու խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւններուն ի նպաստ քուէարկել կը պատրաստուին ընտրողներու 5.4 եւ 5.2 տոկոսը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած «Հայ ազգային քոնկրէս»ի զօրակցութեան մակարդակը 1.5 տոկոսի շուրջ է։

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021