ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՁԳՏԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ

Անթալիոյ Դիւանագիտական ֆորումը երէկ սկսաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ելոյթով։ Մասնակիցներու շարքին էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ ֆորումի շրջանակներէն ներս յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու՝ հիմնուած երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ։

Մինչ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրին արձագանգները կը շարունակուին, Անգարա-Պաքու ռազմական համագործակցութիւնն ալ կը զարգանայ ամբողջ թափով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, յաջորդ շաբաթ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը Քոնիայի մէջ համատեղ զօրավարժութիւններու պիտի մասնակցին Թուրքիոյ բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներուն հետ։ «Անատոլուի արծիւ-2021» ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ Փաքիստան եւ Քաթար։ Զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի սկսին երկուշաբթի, պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 2-ը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերու մասնակցութեամբ վերջին ռազմափորձերը տեղի ունեցած էին ամիս մը առաջ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն առաջնահերթ քննարկման առարկայ դարձած է Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի մէջ ռազմախարիսխի մը ստեղծման հաւանականութիւնը։ Մասնաւորապէս Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը այս հաւանականութեան վերաբերեալ երէկ վերաբերմունք արտայայտեց բաւական բարձր մակարդակի վրայ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ Ռուսաստան առանձնայատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս Թուրքիոյ կողմէ ռազմախարիսխի մը տեղակայման հաւանականութեան։ Սա առիթ կու տայ, որպէսզի Մոսկուա քայլերու ձեռնարկէ սեփական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։ «Որեւէ պարագայով, ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառուցուածքներու տեղակայումը մեր սահմաններու մերձակայքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ է մեզի համար, ինչպէս նաեւ մեզի առիթ կու տայ քայլերու ձեռնարկել՝ մեր անվտանգութիւնն ու շահերը պաշտպանելու նպատակով», ըսաւ Փեսքով։

Բաց աստի, Քրեմլինի բանբերը նշեց, որ Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կայունացման շուրջ սերտ շփման մէջ է շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ։ Փեսքով այդ ամբողջին մէջ թուարկեց ո՛չ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Թուրքիան։ «Մենք սերտ կապի մէջ ենք Անգարայի, Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ Կը կարծենք, թէ որեւէ քայլ պէտք է նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի կայունացման, ենթակառուցուածքներու զարգացման, փոխադրութիւններու, լոժիսթիքի իրավիճակի հարթման ընդհանուր առմամբ ու պէտք է բացառէ այն բոլոր տարրերը, որոնք լարուածութեան աճելուն պատճառ կրնան դառնալ», աւելցուց ան։ Հարկ է նշել, որ Փեսքովի այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմախարիսխի մը ստեղծման հաւանականութեան։ Հարցումի մը պատասխանելով ան նշեց, որ ասէկոսէները չի մեկնաբաներ։ Ըստ իրեն, այդ հարցը քննարկման նիւթ դարձած չէ։

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021