ՍԹԱՓՈՒԵԼՈՒ ՊԱՀԸ

Վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի մէջ երէկ աւարտին հասաւ քարոզարշաւը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս առթիւ զրոյց մը ունեցաւ իր լծակիցներուն եւ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Ան կրկնեց իր մտահոգութիւնը, թէ վաղուայ ընտրութիւններէն վերջ կրնան բախումներ տեղի ունենալ։ Ըստ Տէր-Պետրոսեանի, այդ պարագային գլխաւոր մեղաւորները պիտի ըլլան երկրի՝ իրեն յաջորդած երկու նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը։ Տէր-Պետրոսեան յիշեցուց մօտաւոր անցեալի իր նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն էր նախկին երեք նախագահներու մասնակցութեամբ Ազգային համաձայնութեան դաշինքի մը ստեղծուիլը ու նոր շրջանին անոնց ոեւէ մէկուն պաշտօնի չձգտիլը։ Տէր-Պետրոսեան, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան ցուցակը՝ ընդգծեց, որ տագնապէ դուրս գալու ուղղեալ իր առաջարկը վիժեցուած է Քոչարեանի եւ Սարգսեանի կողմէ։

«Եթէ այդ դաշինքը յաջողէր, ապա այսօր Նիկոլի ֆենոմեն մը գոյութիւն պիտի չունենար։ Նիկոլը կրնար մէկ-երկու շաբաթ յետոյ թողել-փախչիլ Հայաստանէն։ Ուրեմն այս ընտրութիւններու բոլոր բացասական հետեւանքներու գլխաւոր մեղաւորները Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանն են, որոնք վիժեցուցին այս առաջարկը», ըսաւ Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ այդ առաջարկը շատ դրական արձագանգ ունեցած է նաեւ արտասահմանէն՝ համարուելով հրաշալի լուծում մը։ «Ես կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը չհասկցան այս բանը։ Այսինքն՝ ինչքան վնաս տուած են այս երկրին իրենց քսան տարուայ իշխանութեան ժամանակ, իրենք հիմա կը պատրաստուին աւելի մեծ վնաս տալ այս երկրին», ըսաւ Տէր-Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ սթափուելու պահն է։ Արդարեւ, եթէ քաղաքացիական լուրջ բախումներ յառաջանան, սա պիտի նշանակէ հետեւեալը. պատերազմը պատճառ դարձաւ Ղարաբաղի կորուստին, իսկ այս ընտրութիւններէն վերջ կրնայ ստեղծուիլ Հայաստանը կորսնցնելու վտանգը։ Ան աւելցուց, որ ինք կը բացառէ բնականոն ընտրութիւնները։ «Արդիւնքով այդքան հետաքրքրուած չեմ, որքան բնականոն ընտրութիւններու կատարման խնդիրը», նշեց ան։

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021