ՓՐԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան, որ կը գլխաւորէ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի նախընտրական ցուցակը, վաղուան ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։

*

Վաղը չէ միւս օրը եկէք մեր մէջէն դուրս նետենք պարտուածը եւ ընտրենք գալիք յաղթանակները։ Եկէք մերժենք սուտը եւ ապրինք մարդավայել, զիրար յարգելով։

Եկէք հանենք մեր կեանքէն չընդհատուող խելագարութիւնը ու պահ մը հանգիստ հասկնանք՝ ինչպէս դուրս պիտի գանք այս աւերակներէն։

Հայաստանցիներ, դուք չէ՞ք յոգնած աղմուկ-աղաղակէն, թքախառն ճղճղոցներէն, այս փնթի հարայ-հրոցէն դուք չէ՞ք զզուած։

Եկէք լռեցնենք խենդացնող աղմուկն ու ընտրենք խաղաղ աշխատանքը, ընտրենք լուռ կառուցելը եւ հանգիստ մեր շահերը յառաջ տանիլը։

Եկէք լաւ ապրելու մասին այս հեքիաթները տանք հեքիաթասածի գլխին ու խելքով իրական լաւ կեանք ստեղծենք բոլորի համար։

Եկէք շրջենք ամբարտաւան, դատարկ անկարողներու էջը եւ ընտրենք արհեստավարժութիւնը, համեստութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը։

Սիրելի հայրենակիցներ, դուք չէ՞ք սարսափիր անպաշտպան ըլլալու այս մշտական զգացումէն։ Ինչպէ՞ս մեր զաւակները պիտի մեծցնենք, մեր ծնողներու հանգիստը պիտի ապահովենք այս անտէրութեան մէջ, թշնամիի հետ միջանցիկ սահմաններու եւ մայրաքաղաքի կեդրոնի զինեալներու պայմաններուն ներքեւ։

Եկէք իրենց աթոռներէն դուրս նետենք մեր անվտանգութիւնը քարուքանդ ըրածներն ու դարձեալ մեր երկիրը դարձնենք աշխարհի ամենաապահովներէն մին։

Եկէք քուրջի վերածենք մեր բանակի ողնաշարը իրենց բթամիտ կապիկութիւններով ջարդողներն ու կրկին դարձնենք մեր սահմանները անառիկ, իսկ հայրենիքի պաշտպանը՝ հպարտ ու բացճակատ։

Եկէք, երեք տարուայ մէջ ծերացած, կռացած, արցունքն աչքերուն ու վէրքերէ արիւնահոսող մեր տունը, մեր հայրենիքը, մեր Հայաստանը փրկենք, ան երբեք մեզի առիթ չէ տուած իրեն հետ այսպէս վարուելու։ Մեծ աշխարհի մեր փոքր անկիւնը սա է, մեր տունը սա է, մերը միայն սա է։ Եկէք վերականգնենք մեր ժպտացող, մեր ջերմացնող, մեր երիտասարդ Հայաստանը՝ մեր սէրը, մեր օճախը, մեր պատիւը։ Կը խնդրեմ ձեզմէ։ Վաղը չէ միւս օրը մերժեցէք յանձնուածը, ընտրեցէք թիւ 6 քուէաթերթիկը, «Պատիւ ունիմ» դաշինքը։ Ընտրեցէք, որպէսզի միասին, իրարու օգնելով կարողանանք փրկուիլ։

Պատիւ ունիմ։

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021