ՊԻՏԻ ՍՊԱՆՆՈՒԷԻ…

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ ե­թէ եւս 15 վայր­կեան մնա­ցած ըլ­լար Մար­մա­րի­սի մէջ, ա­պա սպան­նուած կամ ա­ռե­ւան­գուած պի­տի ըլ­լար։

Մինչ բո­վան­դակ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ շա­բա­թա­վեր­ջին պա­տա­հած­նե­րուն պատ­ճա­ռած ցնցու­մը ապ­րիլ՝ ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րուած սար­սա­փե­լի տուեալ­ներն ալ յա­ւե­լեալ ցա­սում կը պատ­ճա­ռեն հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ տրուած վե­րո­յի­շեալ հար­ցազ­րոյցն ալ բո­լո­րի աչ­քին առ­ջեւ կու գայ մեր­կաց­նել յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի հե­ղի­նակ­նե­րուն բուն նպա­տա­կը։ «Ե­թէ եւս 15 վայր­կեան մնա­յի Մար­մա­րի­սի մէջ, ա­պա ա­ռե­ւան­գուած կամ սպան­նուած պի­տի ըլ­լա­յի։ Այն­տե­ղի մեր ըն­կեր­նե­րով կա­տա­րե­ցինք խորհր­դակ­ցու­թիւն մը եւ ար­դիւն­քին շարժ­ման ան­ցանք։ Այդ ո­րո­շու­մը պատ­ճառ դար­ձաւ ա­նոնց ծրագ­րե­րու ար­գե­լա­փակ­ման։ Թիկ­նա­պահ­նե­րէս եր­կու­քը նա­հա­տակուե­ցան», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին տե­ւո­ղու­թեան Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թուր­քիոյ մէջ մա­հա­պա­տի­ժի վե­րա­կանգն­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան. նիւթ մը, որ շա­բա­թա­վեր­ջէն ի վեր մտած է շրջա­նա­ռու­թեան մէջ։ CNN International-ին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն շըր-ջագ­ծով Էր­տո­ղան նշեց, թէ ժո­ղո­վուր­դին տրա­մադ­րու­թեամբ՝ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս պէտք է սպան­նուին։ «Հայ­րե­նա­կի­ցը կ՚ը­սէ, թէ ին­չու պէտք է տա­րի­նե­րով սնու­ցեն այն ան­ձը, որ դա­տա­պար-տըւած է ցկեանս բան­տար­կու­թեան։ Ե­թէ խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նի նման ո­րո­շում մը, որ­պէս հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ՝ ես կը վա­ւե­րաց­նեմ այդ մէ­կը», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ Յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ լայ­նա­ծա­ւալ հար­ցաքն­նու­թիւնն ալ կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ թա­փով՝ հան­րա­յին կար­ծի­քի վառ հե­տաքրք­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Ըստ հրա­պա­րա­կուած վեր­ջին տուեալ­նե­րուն, յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով 208 հո­գի նա­հա­տա­կուած է։ Զո­հե­րուն 145-ը շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­ներ են, 60-ը՝ ոս­տի­կան եւ ե­րե­քը՝ զի­նուոր։ 1491 հո­գի վի­րա­ւո­րուած է։ 8314 հո­գի վեր­ջին օ­րե­րուն առ­նուած է հսկո­ղու­թեան տակ։ 550 հո­գի ձեր­բա­կա­լուած է։ 9577 հո­գի ալ պաշ­տօ­նազր­կուած է։ Պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վճռա­կա­մու­թեամբ յա­ռաջ կը տա­նին բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, որ ե­րէկ գլխա­ւո­րեց Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, ժո­ղո­վուր­դը զգու­շա­ցուց փո­ղոց­նե­րու մէջ խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան դէմ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու ռիս­քը միշտ գո­յու­թիւն ու­նի եւ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րէն կրնայ գալ այդ վտան­գը։ Հե­տե­ւա­բար, ան երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն յանձ­նա­րա­րեց ըլ­լալ զգօն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Եըլ­տը­րը­մի կար­գադ­րու­թեամբ՝ պե­տա­կան կամ հան­րա­յին բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն ար­ձա­կուր­դի հրա­ման­նե­րը ջնջուե­ցան։ Ար­ձա­կուր­դի մեկ­նած անձ­նա­կազմն ալ ետ հրա­ւի­րուե­ցաւ գոր­ծի գլուխ։ Պաշ­տօ­նեա­նե­րու ար­տա­սահ­ման դուրս գալն ալ ար­գի­լուե­ցաւ եւ հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն հրա­հանգ ու­ղար­կուե­ցաւ, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նեա­նե­րուն չտրուին բժշկա­կան տե­ղե­կագ­րեր, ո­րոնց հի­ման վրայ կա­րե­լի է գոր­ծի չներ­կա­յա­նալ։ Այս քայ­լե­րը նա­խա­տե­սուած են յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի հե­ղի­նակ­նե­րուն կամ ա­նոնց ա­ջա­կից­նե­րուն ար­տա­սահ­ման դուրս գա­լը կան­խե­լու հա­մար։

Մինչ այդ, Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ պատ­գամ­ներ կը փո­խա­նա­կուին Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի յանձն­ման խնդրին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ ամ­բողջ եր­կի­րը ներ­կա­յիս տա­րա­կոյս չու­նի, թէ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցուած է Կիւ­լէ­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին կող­մէ։ Այս հա­մոզ­ման հի­ման վրայ Թուր­քիա կը պա­հան­ջէ, որ Կիւ­լէն յանձ-նըւի ի­րեն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան կը գտնուի Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ, այս խնդի­րը Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն օ­րա­կար­գին վրայ ա­ռաջ­նա­հերթ դար­ձած է ներ­կա­յիս։ Ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ պատ­րաստ են այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րու։ Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ կրկնեց, թէ հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բին ինք­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ է եւ հաս­ցէն յստակ։ Յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցուած է զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին կող­մէ, հա­մա­պա­տաս­խան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ հրա­տապ ձե­ւով ու­ղեւ­րուե­ցաւ դէ­պի Ո­ւա­շինկ­թըն։ Վարչապետ Եըլտըրըմ նշեց, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Թուրքիոյ յանձնուելու պահանջով կառավարութեան կողմէ թղթածրար մը ուղարկուած է ԱՄՆ։

Միւս կող­մէ, երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր կո­չե­րը՝ որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կէ հան­դէս գալ երկ­րի գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րու հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ։ Իսկ ընդ­դի­մու­թիւ­նը այս նիւ­թին շուրջ կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ մը կ՚ուղ­ղէ իր հեր­թին։ Ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­մո­զուած են, որ այ­լեւս պէտք է հրա­ժա­րին այն կո­չե­րէն, ո­րոնք փո­ղոց կը հրա­ւի­րեն ժո­ղո­վուր­դը։ ՃՀՓ­-ի շրջա­նակ­նե­րը ու­նին այն մօ­տե­ցու­մը, թէ անվ­տան­գու­թիւ­նը պէտք է ա­պա­հո­վուի հա­մա­պա­տաս­խան ու­ժե­րուն կող­մէ։ ՄՀՓ­-ի շրջա­նակ­նե­րը այն­պէս տրա­մադ­րուած են, որ հա­րիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու առ­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­յար­մար են տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։

Ներ­կայ բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ընդ­դի­մու­թեան եւ իշ­խա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ալ աշ­խու­ժա­ցած է։ Այս ա­ռա­ւօտ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի մի­ջեւ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ո­րո­շե­ցին հան­դէս գալ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Հան­դի­պու­մէն վերջ Եըլ­տը­րըմ եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու հան­դէս ե­կան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տը շեշ­տեց, որ լա­րուա­ծու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մը կը հա­մա­րուի ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Վար­չա­պետն ալ կրկին ակ­նար­կեց խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու խնդրին։ 

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2016